Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի սահմանել 24 ամսէն պակաս ժամկէտով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնելու հնարաւորութիւն՝ գումարի դիմաց: Պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնելու սահմանային տարիքը գործող 27-ի փոխարէն պիտի սահմանուի 32 տարեկանը։ Նախագիծը հաւանութիւն ստացած է կառավարութեան մայիս 22-ի նիստին:
Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագրի» խմբակցութեան պատգամաւոր Հակ Սարգսեանի առաջարկած օրէնքի նախագիծով առաջարկուած է սահմանել 24 ամիսէն պակաս ժամկէտով պարտադիր զինուորական ծառայութիւն անցնելու հնարաւորութիւն՝ 1 ամիս ժամկէտով ծառայութիւն անցնելու պարագային՝ 20 միլիոն դրամ եւ 6 ամիս ժամկէտով ծառայութիւն անցնելու պարագային՝ 15 միլիոն դրամ պետական պիւտճէ վճարելու պայմանով:
Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը՝ ներկայացնելով համապատասխան օրինագիծը։
Պապիկեանը յայտնած է, որ օրէնքի հեղինակը Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագրի» խմբակցութեան պատգամաւոր Հակ Սարգսեանն է եւ նախարարական կոմիտէի կողմէ ձեւակերպուած է առաջարկութիւն, ըստ որու կրճատ ժամկէտով՝ մէկ ամիսով զօրակոչուելու դիմաց վճարուի 24 միլիոն դրամ եւ 4-ամիս ժամկէտով ծառայութիւն անցնելու դիմաց՝ 18 միլիոն դրամ։