Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի դէմ պատերազմը կը համարէ աւարտած։ Այդ մասին ան, ըստ Associated Press (AP)-ի, տեղեկացուցած է Քոնկրեսին։ Այդ օրը կը լրանար Իրանի դէմ ռազմական հակամարտութիւնը շարունակելու համար Քոնկրեսի հաւանութիւնը ստանալու վերջնաժամկէտը։
«2026 թուականի փետրուար 28-ին սկսած ռազմական գործողութիւնները դադրեցուած են»,- նշած է Թրամփը Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Մայք Ճոնսընին եւ Ծերակոյտի ժամանակաւոր նախագահ Չաք Կրասլիին ուղղուած նամակին մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ նախագահը նշած է, որ հակառակ ամերիկեան ռազմական գործողութեան յաջողութեան, Իրան դեռ լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու համար։
1973 թուականի Պատերազմական լիազօրութիւններու մասին բանաձեւի համաձայն՝ ԱՄՆ նախագահը կրնայ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել ընդամէնը 60 օր։ Անկէ ետք ան պէտք է դադարեցնէ զանոնք կամ Քոնկրեսին դիմէ եւս 30 օր երկարաձգելու խնդրանքով՝ «անխուսափելի ռազմական անհրաժեշտութեան» պարագային։
CBS News-ը, յղում ընելով ամերիկացի պաշտօնեաներուն, ապրիլ 30-ին յայտնած էր, որ Իրանի դէմ պատերազմի համար ԱՄՆ-ի իրական ծախսերը կրկնակի կը գերազանցեն Փենթակոնի պաշտօնական ցուցանիշը՝ 25 միլիառ տոլարը, որ ներկայացուցած էր ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան ֆինանսական բաժնի տնօրէն Ճուլս Հերսթը:
CBS News-ի զրուցակիցները նշած են, որ այն չի ներառեր ոչնչացուած եւ վնասուած սարքաւորումները կամ ամերիկեան ռազմակայաններուն հասցուած վնասը։