image

Ազգային համախմբման օրինա՞կ, թէ՞ ջրբաժանման յստակացում

Ազգային համախմբման  օրինա՞կ, թէ՞ ջրբաժանման յստակացում

 

 

Վեհափառին ու երեք նախկին Նախագահներու հանդիպումը, եւ անկէ յետոյ

 

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Գարեգին Բ.իեւերեք նախկին նախագահներու՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոպերթ ՔոչարեանեւՍերժ Սարգսեան հանդիպումը ինչ որ ձևով Հեկելեան տրամախոհութեան գործընթաց մը եղաւ: Առաջին Նախագահը ներկայացուց Նիկոլական թէզը, երկրորդ Նախագահը հրապարակ եկաւ անոր հակաթէզով, իսկ երրորդ Նախագահի գրասենեակի յայտարարութիւնը առաջ քաշեց սենթէզը համադրելով արդիւնքը որպէս գոհունակութիւն պատճառող առաջընթաց,եւդիտել տալով որ միւս երկու Նախագահներու «հանրային վերջին ելոյթները, այդուհանդերձ, մի կողմից՝ հանրային դիսկուրսը ակտիւ են պահում, միւս կողմից բաց են պահում դուռը հետագայ հանդիպումների եւ քննարկումների համար»: Այս վերջինը, փաստօրէն, կարծես իրողութեան պիտի վերածուի. Վեհափառը, ըստ տեղեկութիւններու, արդէն կը պատրաստէ երկրորդ հանդիպում մը: Նախաձեռնութիւնը ողջունելի է միայն պէտք է յուսալ որ անոր արդիւնք չըլլայ երրորդ հանդիպում մը, ապա ուրիշ մը, ապա ուրիշ մը... մէկ խօսքով Հեկելեան տրամախոհութենէն չանցնինք Նիցչէի «յաւերժական վերադարձ»ին...

Իմաստասիրական մեկնաբանութիւններէ անդին, յստակ է որ անկախ պետականութեան ճակատագրի կերտման ու զարգացման մէջ դերակատար առաջին երկու պետական այրերու կեցուածքներու հակադրութիւնը: Առաջին Նախագահը ազգային միասնականութիւնը կը տեսնէ խաղաղութեան սիրոյն Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ձգելուեւ«ցաւալի» զիջումներու երթալու պատրաստուող Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան շուրջ համախմբուելով: Երկրորդին համար այդ մէկը անընդունելի է որովհետև խաղաղութեան ոչ մէկ երաշխիք կրնայ ըլլալ Հայաստանի վերացման հետամուտ թշնամիին հետ, իսկ այլընտրանքը կարելի է միայն այս իշխանութիւններու ամբողջական թէ «մասնակի» հեռացումով: Կրնա՞յ ըլլալ որ այս վերջին կէտը, «մասնակի» իշխանափոխութիւն, երկուքին մօտեցման ենթահողի վերածուի, որուն հիման վրայ ալ երկրորդ հանդիպում մը, որուն «դուռը բաց կը մնայ» ըստ երրորդ Նախագահին, կրնայ նոր առաջընթաց բերել քննարկումներուն: 

Հանդիպման,եւմասնակիցներու կողմէ կեցուածքներու հրապարակայնացման, յաջորդեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցը հանրային հեռուստատեսութեամբ, որուն մէջ ան շատ կասկած չձգեց որ որևէ ձևով հետաքրքրուած չէ նախկին Նախագահներուն հետ նստելու,եւկը մնայ իր համոզման վրայ որ որպէս ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ մանդատ ստացած ղեկավար իրեւիր թիմ-ին պատասխանատւութիւնն է միայն առնել այն որոշումները որոնցմով կը պայմանաւորուի ամբողջ երկրի ոչ միայն ներկան այլ նաև ապագան: Աւելի՛ն, քաղաքականութիւնը Փի.Ար.ի վերածած Փաշինեան, իր սոփեստի հմտութեամբ վստահեցուց որ որոշումները թափանցիկ են, անոնց մասին տեղեակ պահած է բոլորին,եւ ինք չէ յանցաւորը որ ընդդիմութիւնը թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի արտախորհրդարանական Հայ Ազգային Գոնկրէսը չեն մասնակցած հանդիպումներուն:

Կարեւոր չէ թէ Փաշինեանի ամէն հրապարակային ելոյթի բառակապակցութիւնը ըլլայ անյստակ, շփոթի առիթ տուող, «մանիպուլատիւ»,եւ մինչեւ իսկ հակասական, այդ բոլորը յատուկ են իր խօսոյթին: Հետաքրքրականն այն է որ գոնէ այս հարցազրոյցին մէջ ան նոյնիսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին տեղ տալու պատրաստակամութիւն չցուցաբերեց: Այսինքն, Փաշինեան վստահ է որ թէկուզեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան միանայ իրեն ընդդիմադիր երկու նախկին Նախագահներուն, իր պետական մարդու հեղինակութենէն աւելի ոչինչ պիտի բերէ որ Փաշինեանին համար մտահոգիչ ըլլայ: Այսինքն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետևորդներն ու համակիրները այնքան մը պիտի չաւելցնեն փողոցի ճնշումը թէկուզեւ«մասնակի» իշխանափոխութիւն մը հաւանականութիւն դարձնելու համար:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յետ-հանդիպում հարցազրոյցն ու արտայայտած մտքերը սպասելիօրէն առաջացուցին ընդդիմութեան հանրածանօթ ղեկավար դէմքերու բուռն հակազդեցութիւնը: Հարց կը ծագի թէ ինչո՞ւ, եթէ ի սկզբանէ ծանօթ էր իր տեսակէտը, ան ներառուեցաւ Վեհափառի հետ նախկին նախգահներու հանդիպման մէջ: Ըստ Սարգսեանի գրասենեակի յայտարարութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ է որ տեղի ունեցած է հանդիպումը: Սակայն իրողութիւն է որ անոր առաջարկը առաջին անգամ բերաւ Հայաստան Դաշինքի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ ԳՄ-ի  ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: Աւելի կարեւոր, Դիմադրութեան շարժման յաջորդած այս ամենակարեւոր նախաձեռնութիւնը ի՞նչ տեղ ու կարեւորութիւն ունի, կամ պիտի ունենայ, ընդդիմութեան յաջորդ հանգրուանին: Հարցումը հրետոռական չէ. մինչ կը պատրաստուի երկրորդ նմանօրինակ հանդիպում մը, որմէ առայժմ դժուար է որեւէ առաջընթաց ակնկալել կեցուածքներու մերձեցման իմաստով, Փաշինեանի կառավարութիւնը արդէն կը պատրաստուի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ հանդիպումներուն մակարդակը բարձրացնելու եւ խաղաղութեան համաձայնութեան առաջին սևագրութիւնները քննարկելու:

Չենք գիտեր եթէ այս հանդիպումը եղաւ թէկուզեւ խորհրդանշական հրաւէր մը գիտակցելու ազգային համախմբումի կարեւորութեան, թէ պարզապէս ծառայեց յստակացնելու համար ջրբաժանը անոնց միջեւ: Բայց, քանի որ երեք նախկին Նախագահներու եւ Վեհափառի հանդիպման մասին այս ակնարկը շարադրուած է Սփիւռքեան դիտանկիւնէ, կարելի չէ անտեսել այն որ երեք Նախագահներէն եւ ոչ մէկը Սփիւռքեան գործօնին անդրադարձաւ: Առաջին Նախագահէն նման անդրադարձ այնքան ալ սպասելի չէ. ի վերջոյ, իրեն համար սփիւռքահայերը եղած են «նարինջ ուտողներ», Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցով «ռըվանշիստներ» եւ օտարահպատակներ: Չենք գիտեր եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան նորանկախ Հայաստանի առաջին տարիներու քաղաքական գործընթացն ու խօսոյթը յատկանշած իր այս բանաձևումներն ու անոնց հետևած որոշումները երբևիցէ վերատեսութեան ենթարկած է թէ ոչ. բայց ի տարբերութիւն իր զարմանք չառաջացնող լռութեան, սփիւռքեան գործօնի նկատմամբ միւս երկու Նախագահներէն թերևս պիտի ակնկալուէր ինչ որ նշում ի խնդիր համազգային համախմբման որուն անոնք կը ձգտին այս ճակատագրական պահուն: Ի վերջոյ, Քոչարեանը նախաձեռնեց քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութեան,եւ Սարգսեանը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները դրաւ «ինստիտուցիոնացման» ճամբուն վրայ: 

Սխալ չհասկցուինք: Նկատողութիւնը չըլլար նախկին Նախագահներու երկրորդ ենթադրեալ հանդիպումէ մը քանի յաւուր պատշաճի խօսք լսելու հետամուտ: Ուղղուած է Սփիւռքին անոր հրաւիրելով որ գիտակցի, որ նման լռութիւններ այլևս պէտք չէ զարմանալի ըլլան: Ոչ ալ Սփիւռքը ականջալուր պիտի ըլլայ Վարչապետի յատուկ գործերով դեսպան Էտմոն Մարուքեանին դիմումներուն՝ «ընելիքներու» առաջարկով, որ, զուգադիպութի՞ւն, եղաւ Վեհափառին եւ երեք նախկին Նախագահներու հանդիպումէն յետոյ: Ասոնցմէ ոչ մէկը կրնայ Սփիւռքին շեղել իր առաջնահերթութենէն՝ կազմել իր ինքնուրոյն օրակարգը, որուն ընդմէջէն մտածելով  Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու վերընձիւղման մասին: Եւ թերևս եթէ Սփիւռքը նման ինքնուրոյնութեան կարողութեան փաստը տայ, ազգային համախմբումը ոչ թէ խորհրդանշական այլ իրական կրնայ ըլլալ սփիւռքեան համայնքներուն եւ կազմակերպութիւններու եւ հայրենի ժողովրդային տարբեր հատուածներու միջեւ ուղղակի եւ բազմակողմանի հանդիպումներու եւ նախաձեռնութիւններու ճամբով:

 

 Խաչիկ Տէր Ղուկասեան 

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...