image

Այսօր Թուրքիան Կ'ապրի Չյայտարարուած Պարէտային Ժամի Վիճակ Մը. Ալպէր Քէշիշ

Այսօր Թուրքիան Կ'ապրի Չյայտարարուած Պարէտային  Ժամի Վիճակ Մը.  Ալպէր Քէշիշ

«Թուրքիոյ Ժողովուրդն այսօր երկուքի կիսուած է»,- «Արեւելք»ին ըսաւ համալսարանական դասախօս պոլսահայ Ալպէր Քէշիշ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ վերջին դէպքերէն ետք սուր ատելութիւն մը   երեւելի  դարձած  է  երկրի երկու կարեւոր բաղադրիչներու միջեւ, այսինքն՝ քրտական խնդրին ջատագովներուն եւ իշխանութիւնները ներկայացնողներուն միջեւ:  Քէշիշ լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, թէ Թուրքիան կը բռնէ ընդհանուր քաոսի մը ճանապարհը, եւ Սուրիոյ մէջ եղող պատերազմական գործողութիւնները նաեւ կը Թուրքիա փոխադրուիլ: Անոր  համաձայն, վերջին օրերու զարգացումները ցոյց կու տան, որ երկու կողմերը բնաւ պատրաստ չեն զիջումներու երթալու, եւ այդ է, որ կը մտահոգէ երկրի բնակչութիւնը: Անոր կարծիքով, այս ընթացքներուն մէջ ամենայոռին այն է, որ իշխանութիւնները չեն յայտարարեր, որ  դէպքերը շուտով  պիտի  աւարտին, կամ չեն ըսեր, որ իրենք կը տիրապետեն ընդհանուր  իրավիճակին, այլ ձեւով մը ժողովուրդին կը հասկցնեն, որ «այսօր այս վիճակն է, որ կը տիրէ Թուրքիոյ մէջ, եւ պէտք է բոլորդ համակերպիք այս պայթումներուն կամ յարձակումներուն հետ եւ փորձէք ձեր կեանքը բնական հունով շարունակել»:

Պոլիս ծնած մտաւորականը նկատել տուաւ, որ շաբաթ օրուան պայթումէն ասդին, կարելի է ըսել, որ քաղաքը ընդհանրապէս անդամալուծուած է, փողոցները առաջուան նման մարդաշատ չեն եւ այդ մէկը զգալի է նոյնիսկ հանրակառքերուն եւ  Վոսֆորի շոգենաւերուն մէջ:   Քէշիշ  նկատել տուաւ, որ Պոլսոյ հիմնական բնակիչերը այս դէպքերու բերումով, ցուցաբերելով ապահովական զգուշաւորութիւն, կը նախընտրեն փակուած մնալ իրենց տուներուն մէջ եւ այդ պատճառով է, որ քաղաքը առաջուան հմայքը կամ խճողուածութիւնը չունի: Անոր  կարծիքով,  օրինակ անցնող օրերուն, Պոլսոյ մէջ գործող կարգ մը վարժարաններ եւ կրթական հաստատութիւններ, որոնք բաց կը պահեն իրենց դռները շաբաթավերջերուն, ստիպուած եղած են փակ պահել  իրենց դռները: Նոյնը կարելի է ըսել վաճառականական մեծ կեդրոններու կամ  համալիրներու մասին, ուր անցեալ շրջանին  համեմատած ՝ աչքի կը զարնէ  նախկին եռուզեռի  բացակայութիւնը: Մեր զրուցակիցը նկատել տուաւ, որ այս ընթացքը եթէ շարունակուի, Պոլիս եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը մեծ նուազում պիտի արձանագրէ: Մեր խօսակիցին կարծիքով, անցնող օրերու եղած դէպքերէն ասդին, կարելի է ըսել, որ քաղաքին մէջ չյայտարարուած պարետային ժամի դրութիւն մը կայ, եւ կարծես թէ մէկը կ'արգիլէ, որ քաղաքացիները փողոց իջնեն եւ բնական կերպով իրենց կեանքը շարունակեն:

Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցին, թէ այսօրուան Նէվրուզի տօնը արդեօ՞ք իր վատ ազդեցութիւնները պիտի ունենայ քաղաքին մէջ տիրող ընդհանուր լարուածութեան առընթեր, Ալպէր Քէշիշ յայտնեց.  «Այո՛,  յառաջիկայ  օրերը բաւական վտանգաւոր եւ ծանր օրեր  կրնան ըլլալ, տրուած ըլլալով, որ երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ կառավարութիւնը արգիլած է Նէվրուզի բոլոր տօնակատարութիւնները, բացի կարգ մը շրջաններու մէջ ըլլալիք տօնախմբութիւններէ»: Ան   դիտել   տուաւ,  թէ առաջին անգամն է , որ երկիրը նման ծանր լարուածութեան փուլ մը կ'անցընէ: Ակնարկելով Պոլսոյ հայութեան ընդհանուր վիճակին, Ա. Քէշիշ  նկատել տուաւ, որ այսօրուան դրութեամբ կարելի է ըսել, թէ պոլսահայութիւնը ուղղակիօրէն թիրախ, կամ ենթակայ չէ բախումներուն: «Սակայն, եթէ ընդհանուր պրիսմակով դիտենք Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, պէտք է նաեւ ըսենք, որ ինչպէս տարբեր համայնքներ, պոլսահայ համայնքը նոյնպէս վտանգուած է եւ ապահովական լուրջ սպառնալիքներ կան, ոչ միայն հայերու, այլ ընդհանուր երկրի բաղկացուցիչ տարրերուն համար»: Ան օրինակ մը տալով, նշեց որ Ծաղկազարդի տօնին օրով  հայկական գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ զգալիօրէն նուազած էր հաւատացեալներուն կամ արարողութիւններուն մասնակցողներուն թիւը, եւ  նոյնպէս շատ մը միջոցառումներ կամ ձեռնարկներ, ապհովական նկատառումներով կը յետաձգուին: Քէշիշ յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ համցանցի լուրջ խնդիրներ կան, եւ ընկերային ցանցերը, ինչպէս դիմատետրն ու Թվիթըրը առաջուան նման բնականոն կերպով չեն գործեր:

Մեր խօսակիցը նաեւ չբացառեց, որ Թուրքիոյ մէջ կրնայ յանկարծ որեւէ մեծ փոփոխութիւն օրակարգ մտնել, եւ այդ մէկը կրնայ ըլլալ բնականաբար քաղաքական հարթակի վրայ. ան այս փոփոխութիւնը, կամ բանակին կողմէ կատարուելիք որեւէ քայլ առնչեց Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ երեւելի լարուածութեամբ. «Ամերիկացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ առիթ չեն փախցներ սուր քննադատութիւններ ուղղել Թուրքիոյ այսօրուայ իշխանութիւններուն եւ այդ մէկը կրնայ որոշ ազդանշան մը  ըլլալ, կամ որոշ պատգամ մը ունենալ իր մէջ»,- նկատել տուաւ Ալպէր Քէշիշ:

Բնութագրելով Թուրքիա- Եւրոպական Միութիւն ընդհանուր յարաբերութիւնը, ան ըսաւ, թէ այսօր երեւելի է, թէ Եւրոպան ինչքան մեծ ճիգեր կ'իրականացնէ եւ կը գործադրէ, որպէսզի Թուրքիոյ հետ կարենայ լեզու գտնել, սուրիացի գաղթականները իր սահմաններէն հեռու պահելու միտումներով, եւ այս բոլորը տեղի կ'ունենան Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց խնդիրներու հաշւոյն, եւ Եւրոպական Միութիւնը առաջուան նման այդ խնդիրներու վրայ չի կեդրոնացներ իր ուշադրութիւնը: Քէշիշ նաեւ դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ որեւէ զինուորական կամ պետական հարուած պէտք է առնուազն հովանաւորուած ըլլայ դուրսի ուժերէն, եւ մասնաւորապէս՝ Միացեալ Նահանգներէն: Ինչ կը վերաբերի պոլսահայութեան ընդհանուր կեցուածքներուն, ան  յայտնեց, որ պոլսահայութիւնը պէտք է զերծ մնայ ծայրայեղ յայտարարութիւններէ եւ զգոյշ ըլլայ իր դիտարկումներուն եւ ընդհանուր կեցուածքներուն մէջ: Մեր զրուցակիցը պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք համայնքի անվտանգութեան հարցին կապուած պոլսահայութիւնը ակնկալիք ունի Հայաստանէն եւ սփիւռքահայութենէն, ան նշեց, թէ ինք այդպիսի օրակարգ չի տեսներ այս հանգրուանին, տրուած ըլլալով որ «Թուրքիոյ մէջ այսօր շատ աւելի մեծ եւ բարդ խնդիրներ կան իշխանութիւններուն համար, քան պոլսահայութեան խնդիրը: Իմ կարծիքով հայկական հարցը, կամ պոլսահայութիւնը որպէս օրակարգ այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն սեղանին վրայ չէ»:  Մեր զրուցակիցը նաեւ յայտնեց, որ այս դժուարին հանգրուանին պոլսահայութիւնը, ինչպէս Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները, ենթարկուած են նոյն ճակատագրին եւ այն զարգացումները, որ պիտի ըլլան Թուրքիոյ մէջ, անոնցմէ նոյնպէս անմասն պիտի չմնայ պոլսահայութիւնը: