image

Թուրքիան դպրոցական ծրագրին մէջ «Կեդրոնական Ասիա»-ն փոխարինած է «Թուրքեստան» բառակապակցութեամբ

Թուրքիան դպրոցական ծրագրին մէջ «Կեդրոնական Ասիա»-ն փոխարինած է «Թուրքեստան»  բառակապակցութեամբ

Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութիւնը յայտարարած է նոր ուսումնական ծրագրին մէջ «պատմական» կրթութեան արմատական փոփոխութիւններու մասին։ Այսուհետեւ «Կեդրոնական Ասիա»-ի փոխարէն պիտի օգտագործուի «Թուրքիստան» հասկացութիւնը։ Այս մասին յայտնած է yenisafak.com-ը:

Ըստ իշխանութիւններու՝ «ապագայ սերունդները պիտի դաստիարակուին թրքականութեան, ազգային գիտակցութեան եւ հայրենասիրութեան գիտակցութեամբ»:

Ըստ աղբիւրի՝ «Թուրքիստանը կը զբաղցնէ հսկայական տարածք՝ սկսած Իրանի Խորասանի շրջանէն, ներառեալ հիւսիսային Աֆղանստանը, եւ կը տարածուի Փամիր եւ Հինտու Քուշ-Քունլուն լեռներու հիւսիսային ստորոտներէն մինչեւ չինական Թունկ Հուանկ շրջան, ուրկէ կը հասնի Մանճուրիայի արեւմուտք, կ՚ընդգրկէ ամբողջ Հարաւային Սիպիրը Մոնկոլիայի հետ միասին՝ շարունակուելով դէպի արեւմուտք մինչեւ այն կէտը, ուր Ուրալ լեռները եւ Վոլկա գետը կը հասնին Կասպից ծով»: