Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարները ապրիլ 3-ին պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ, այս մասին յայտնած է kommersant.ru-ն:
Բոլոր պատուիրակութիւններն արդէն ժամանած են Ռուսիոյ մայրաքաղաք։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է աղբիւրը։
Աւելի վաղ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած էր, որ խորհրդակցութիւններու հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ Թուրքիան եւ Սուրիան մերձեցնելը։
Իր հերթին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոգտանովը յոյս յայտնած է, որ «միջնորդական առաքելութիւնը կ'օգնէ կարգաւորել թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները եւ կ'աւարտի ընդհանուր յաջողութեամբ»։