image

Այս տարուան ջուրի պաշարները աւելի բարւոք վիճակի մէջ են

Այս տարուան ջուրի պաշարները աւելի բարւոք վիճակի մէջ են

Հանրապետութեան ջրամբարներու պաշարը նախորդ տարուան համեմատ այս տարի քիչ մը աւելի է, եւ լիայոյս ենք, որ աւելի յաջող տարի է պիտի ըլլայ ջրային միջոցներու մասով, քան նախորդ տարին էր: Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ջրային կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Սարգսեանը:

Ըստ անոր՝ 12 խոշոր ջրամբարի պաշարի մասով Ջրային պետական կոմիտէն ԱԻՆ-էն կը ստանայ ամենօրեայ հաշուետւութիւն: «Անցած տարուայ նոյն օրուայ համեմատ՝ օրինակ՝ մարտի 11-ի համեմատ անցած տարի 2018-ին 12 ջրամբարի մասով ջրի լցուածութիւնը կազմել է 318 միլիոն խորանարդ մեթր, իսկ այս տարի նոյն ժամանակահատուածի կտրուածքով կազմում է 325 միիոն խմ:

2017-ին նոյն օրուայ ժամանակահատուածի կտրուածքով 379 միլիոն է եղել լցուածութիւնը, այսինքն՝ անցած տարի ինքնին սակաւաջուր տարի էր, բայց այս տարի անցած տարուանից ջրամբարներում մի փոքր լցուածութիւնն աւելի է»,-ըսած է պաշտօնեան:  

Կամօ Սարգսեանը նշած է, որ բացի այդ, դեռ ձիւնի շերտ կայ, եւ կանուխ է վերջնական ըսել, թէ ինչքան կը կազմէ ջրամբարներու լցուածութիւնը: «Եթէ յաջող ստացուի, գարնան վերջին ամիսներին անձրեւներ տեղան, սելաւ առաջանայ, հոսք կ'առաջանայ դէպի ջրամբարներ»,-կը կարծէ ան:

Իսկ թէ ընդհանուր ծաւալը ինչքան կը կազմէ, Կամօ Սարգսեանը նշած է, որ 12 ջրամբարի մասով ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ 891 միլիոն խմ, այսինքն՝ շուրջ 1/3-րդի չափով լեցուած է: