Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, «իֆթար»ին, զինծառայողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ երկիրը միշտ պէտք է ամենաբարձր մակարդակով պահպանէ մարտական պատրաստուածութիւնը:
Էրտողան ըսած է, որ կարեւորելով երկրի սահմաններու անվտանգութիւնը՝ Իրաքի հետ սահմանն այս ամառ լիովին ապահովուած պիտի ըլլայ։ Անոր խօսքով, միաժամանակ Սուրիոյ մէջ անաւարտ գործերը անպայման աւարտին պիտի հասցուին։
«Մեր նպատակն է մեր ժառանգներուն փոխանցել ահաբեկչութեան մութ ստուերէն լիովին զերծ Թուրքիա»,- ըսած է ան։