image

Այնճարի հարազատ զաւակ՝ Սեդրակ Էմմօղլեանի կորուստը

 Այնճարի հարազատ զաւակ՝ Սեդրակ Էմմօղլեանի կորուստը

Օրերս  Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ Մոսալերցի եւ Այնճար հայաւանի ծնունդ մեր հայրեանկիցներէն՝ Սեդրակ Էմմօղլեանը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։

 

 Հանգուցեալը, որ սիրուած անձնաւորութիւն էր  իր համագիւղացիներուն ու նաեւ Պէյրութի զինք ճանչցողներուն կողմէ  ուխտապահ անդամ էր ՀՅԴաշնակցութեան։

Ստորեւ կը ներկայացնենք    հանգուցեալի  մահուան առթիւ ներկայացուցած ընտանեկան մահազդը՝

 

Տիկ. Վարդուկ Էմմօղլեան

Տիար Մովսէս Էմմօղլեան

Տէր եւ Տիկ. Պետրոս Էմմօղլեան եւ դուստրը

Տէր եւ Տիկ. Աւետ Էմմօղլեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ. Ռաֆֆի Էմմօղլեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ. Յակոբ Ճունտուրեան եւ զաւակը

Հանգուցեալ Կարօ Ճունտուրեանի ընտանիք

Տէր եւ Տիկ. Անդրանիկ Ճունտուրեան եւ զաւակը

Տէր եւ Տիկ. Համբարձում Աւագեան

Տիկ. Ալիս Ֆիլհաննէսեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ. Սարգիս Պլղաշեան եւ զաւակունք

եւ համայն Էմմօղլեան, Ճունտուրեան, Շիմշիշրեան, Գուլաճեան,Պապիկեան, Աւագեան, Քէշիշեան, Նաամէ, Ստեփանեան, Ուրֆալեան, Պլղաշեան, ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն,հօր,մեծ հօր,եղբօր,հօրեղբօր եւ հարազատին` 

 

Սեդրակ Էմմօղլեանի 

մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ 1 Մարտ 2024-ին,առաւօտեան ժամը 10։00 ֊ին։

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ 2 Մարտ 2024-ին կ.ա. ժամը 11։00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին թաղման արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս մինչեւ երեկոյեան ժամը 4։00 .

Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ։