image
Հրատապ լուրեր:

Աւստրիան այլեւս Ռուսիոյ կազէն կախեալ չէ

Աւստրիան այլեւս Ռուսիոյ կազէն կախեալ չէ

Աւստրիոյ կախուածութիւնը ռուսական կազի մատակարարումէն նուազած է մինչեւ 50 տոկոս: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ ուժանիւթի նախարար Լեոնորէ Կէուըսլըրը «Թուիթըր»-ի իր էջին կատարած գրառմամբ:

«Մենք նուազեցուցած ենք ռուսական բնական կազէն կախուածութիւնը մինչեւ 50 տոկոս»,-նշած է նախարարը:

Ան վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակէ ամբողջ ուժով աշխատիլ՝ ապահովելու Աւստրիոյ կազի մատակարարումն ու անկախութիւնը։ Նախարարի խօսքով՝ անցած քանի մը ամիսներու ընթացքին կարեւոր քայլեր կատարուած են, եւ մինչեւ 1 նոյեմբեր կազի ռազմավարական ողջ պաշարը պիտի պահպանուի իրենց պահեստներուն մէջ։ Սա անվտանգութեան բարձիկ կ'ըլլայ՝ արտակարգ իրավիճակներու պարագային: