image
Հրատապ լուրեր:

Աւստրալիոյ մէջ. Մահացած է բնիկ հալէպահայ՝ Ազնիւ Ստեփանեանը

Աւստրալիոյ մէջ. Մահացած է  բնիկ  հալէպահայ՝ Ազնիւ Ստեփանեանը

Աւստրալիոյ մէջ, 20 յուլիսին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Ազնիւ Ստեփանեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

Հանգուցեալը ծնած էր Հալէպ 1964-ին եւ մինչեւ Սուրիոյ պատերազմին թէժացումը՝ 2014 թուականը ապրած՝ Հալէպի մէջ:

Իր երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ  շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն եւ նուիրեալ մայր հանդիսացող տիկին Ազնիւը ջերմագին հաւատացեալ էր, ծառայասէր եւ ազգասէր:

1981-ին ընտանեկան բոյն կազմելով կողակցին Կիրակոս Լէպլէպճեանին հետ, փախտաւորուած են չորս զաւակներով՝ Անժէլ, Յովիկ, Ալին եւ Մեղրի եւ հինգ թոռներով:

Հանգուցեալ Տիկ. Ազնիւ  եղած է Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի մեծ ընտանիքին ժրաջան անդամուհիներէն մին, ստանձնելով տաբեր պաշտօններ: Երկար տարիներ նուիրաբար Հալէպի մէջ ծառայելէ ետք, իր նուիրումը շարունակած է նաեւ Աւտրալիոյ մէջ, ՀՕՄ-ի միջոցաւ, ուր եւս ստանձնած է վարչական պատասխանատւութիւններ, մասնաւորաբար կրթական յանձնախումբէն ներս: Անդամակցած է նաեւ Աւստրալիոյ Համազգայինի ընտանիքին:

Ան երկար տարիներ եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ ըլլալով հետեւած է Բերիոյ Հայոց Թեմի նախաձեռնած Աստուածաշունջի սերտողութեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի Գրադարանի վերականգնման աշխատանքներուն: 

Հայրենիքին ծառայելու մղումէն դրդուած Աւստրալիոյ մէջ անդամակցած է Հայ Հեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան:

Նշենք, որ հագուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ հինգշաբթի՝ 27 յուլիս, 2023-ին,  առաւօտեան ժամը 10:00-ին (Աւստրալիոյ ժամով), Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ 

Այս առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր պարագաներուն եւ հարազատներուն։