image

Ատրպէյճանը «կը պահանջէ» անյապաղ ազատել «իր գիւղերը». փոխվարչապետ Մուսթաֆաեւի գրասենեակ 


Ատրպէյճանը «կը պահանջէ» անյապաղ ազատել «իր գիւղերը». փոխվարչապետ Մուսթաֆաեւի գրասենեակ  


Ատրպէյճանի փոխ վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի գրասենեակը յայտարարած է, որ սահմանազատման գործընթացի ծիրէն ներս պիտի լուծուի «4 արտատարածքային գիւղերու ազատագրման» հարցը: 

Տեղեկութիւնը յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է Եուխար Ասքիփարի եւ Քեարքիի (Վերին Ոսկեպար եւ Տիգրանաշէն հայկական գիւղեր, որոնք բնակեցուած են), ինչպէս նաեւ Սոֆուլուի եւ Պարխուտարլիի (չբնակեցուած) մասին։

Մուսթաֆաեւի գրասենեակը նաեւ պահանջներ ներկայացուցած է ատրպէյճանական չորս ոչ արտատարածքային գիւղերու (Բաղանիս Այրիմ, Աշաղի Ասկիպարա, Հեյրիմլի եւ Գըզըլգաջըլի) նկատմամբ։ Ատրպէյճան կը համարէ, որ այս գիւղերու պատկանելութիւնն անվիճելի է, եւ անոնք պէտք է անյապաղ «ազատագրուին»։ Այս բոլոր գիւղերը կը գտնուին ՀՀ Տաւուշի մարզ` հայ–ատրպէյճանական սահմանին։

Պաքուն նաեւ յայտարարած է, թէ անհիմն են պաշտօնական Երեւանի յայտարարութիւններն այն մասին, որ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը բռնագրաւուած են:

Նշենք, որ 7 մարտին հայ–ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած է սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու եօթերորդ հանդիպումը՝ ՀՀ փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխ վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:

Յիշեցնենք, որ 15 փետրուարին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ՀՀ–ն համաձայն է անգամ մարզ առ մարզ սահմանազատում իրականացնել` ամէն հատուածի մէջ վերարտադրելով սահմանը, ապա իրականացնել զօրքերու դիրքաւորման ճշտգրտում, իսկ արտատարածքային հարցերը ձգել ամենավերջին փուլին։