Մայիս 15-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն։ Հանդիպման մասնակցած են փոխնախարարներ, ռազմական ճիւղերու հրամանատարներ, նախարարութեան գլխաւոր վարչութիւններու պետեր, ինչպէս նաեւ զօրամասերու հրամանատարներ։
Հասանով հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուցած է Իլհամ Ալիեւի կողմէ ատրպէյճանական բանակի համար առաջադրուած խնդիրները, յայտնած է haqqin.az-ը։
Վերլուծուած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանին տիրող իրավիճակը: