image

Ատրպէյճանի օդանաւային ընկերութիւնները 2023-ին ՀՀ-ին 90,000 եւրօ վճարած են Նախիջեւան թռչելու համար

Ատրպէյճանի օդանաւային ընկերութիւնները 2023-ին ՀՀ-ին 90,000 եւրօ վճարած են Նախիջեւան թռչելու համար

Ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւնները Հայաստանին մօտ 90 հազար եւրօ վճարած են 2023-ին Նախիջեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ թռիչքներու համար։

«Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցմանն ի պատասխան յայտնած են Հայաստանի քաղաքացիական օդային երթեւեկութեան կոմիտէէն։

«Տեղեկացնում ենք, որ 2023-ին Հայաստանի օդային տարածքում ադրբեջանական ավիաընկերութիւնների աերոնավիգացիոն սպասարկման ծառայութիւնների մատուցման դիմաց հաշուեգրուած եկամուտը կազմել է 90.018. 71 եւրո»,–ըսուած է պատասխան գրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ «Ատրպէյճանական ուղիներ» ընկերութիւնը 2021-ի հոկտեմբեր 6–էն սկսեալ օգտագործած է Հայաստանի օդային տարածքը`Պաքուէն Նախիջեւան ուղեւորատար թռիչքներ կատարելու համար։

Այս ուղղութեամբ կը թռէր նաեւ ընկերութեան դուստր ընկերութիւնը՝ Buta Airways–ը։ 2023-ի հոկտեմբերին անոնք միաւորուեցան։