Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Անգարան արդէն վճարած է F-35 կործանիչներուն համար՝ անդրադառնալով Ռուսիայէն ձեռք բերուած S-400 հակաօդային հրթիռային համակարգերուն։
«Թուրքիոյ համար խնդիր պիտի չըլլայ ստանալ այն F-35 կործանիչները, որոնց համար մենք արդէն հինգ կամ վեց տարի առաջ վճարած ենք։ Անոնք պահեստներու մէջ կը գտնուին եւ կը սպասեն, թէ ե՛րբ մենք զանոնք պիտի վերցնենք»,– ըսած է Ֆիտան։
Աւելի վաղ թրքական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Թուրքիոյ կողմէ ժամանակին Ռուսիայէն ձեռք բերուած S-400 հակաօդային հրթիռային համակարգերը վաճառուած են Պարսից ծոցի երկիրներէն մէկուն։