Ատրպէյճանի մէջ ստեղծուած է Պաքուի նախաձեռնող խումբ՝ ընդդէմ ֆրանսական գաղութատիրութեան, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Այս որոշումն ընդունուած է Պաքուի մէջ Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնի կողմէ Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման համակարգող բիւրոյի նախարարական հանդիպման շրջածիրն ներս կազմակերպուած «Դէպի գաղութատիրութեան լիակատար վերացում» միջոցառման։
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ելոյթ ունենալով վերոնշեալ հանդիպման ժամանակ, ըսած էր, որ Ֆրանսան «կը շարունակէ նեոգաղութատիրութեան քաղաքականութիւնը» եւ որ Ատրպէյճանը «խիստ մտահոգուած է» նեոգաղութատիրութեան աճող միտումով:
Ալիեւի խօսքով՝ Ֆրանսան պէտք է յարգէ Քոմորոս կղզիներու ինքնիշխանութիւնը Մայոթ կղզիի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Նոր Քալետոնիայի եւ ֆրանսական անդրծովեան համայնքներու եւ տարածքներու այլ ժողովուրդներու իրաւունքները։
«Ֆրանսայի կառավարման օրօք տեղի ունեցած ցեղասպանութեան ժամանակ սպանուած է գրեթէ 1,5 միլիոն ալժիրցի։ Ալժիրցի մարտիկներու գանկերը մինչ օրս կը պահուին Փարիզի թանգարանին մէջ՝ որպէս ռազմաւար: Ֆրանսան պէտք է ներողութիւն խնդրէ իր գաղութային անցեալի եւ արիւնալի գաղութային յանցագործութիւններու, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի մէջ, Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ եւ այլուր Ոչ յանձնառու շարժման անդամ երկրներու դէմ ցեղասպանութեան համար»,- ըսած էր Ալիեւ։