image

Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Տաճիկստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ

Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Տաճիկստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ

Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ եւ Տաճիկստանի նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութինը, Ալեքսանդր Լուքաշենքօն եւ Էմոմալի Ռահմոնը շաբաթ օր ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած են, որու ընթացքին հեռախօսազրոյց ունեցած են Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս մասին յայտնած է  «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը։

«Տեղի ունեցած է ջերմ, բարեկամական զրոյց, որուն ընթացքին ղեկավարները քննարկած են միջպետական ​​յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման առնչուող շարք մը հրատապ հարցեր»,- ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած երկիրներու առաջնորդները պայմանաւորուած են հանդիպիլ 9 մայիսին Մոսկուայի մէջ՝ Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն ժամանակ։