image

Թուրքիոյ, Իրանի եւ Իրաքի առաջնորդները պիտի հանդիպին՝ Քաթարի մէջ

Թուրքիոյ, Իրանի եւ Իրաքի առաջնորդները պիտի հանդիպին՝ Քաթարի մէջ

Թուրքիոյ, Իրանի եւ Իրաքի առաջնորդները պիտի հանդիպին Քաթարի մէջ։ Անոնք պիտի մասնակցին արաբական եւ իսլամական երկիրներու արտակարգ գագաթնաժողովին, որ նախատեսուած է 15 սեպտեմբերին Տոհայի մէջ։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան եւ Իրաքի վարչապետ Մոհամմէտ Շիա Ալ Սուտանին հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը։

Կը սպասուի, որ ընդունուի բանաձեւ, որ դատապարտէ Տոհայի մէջ Իսրայէլի օդուժի հարուածները եւ կոչ ընէ դադրեցնելու գործողութիւնները Կազայի մէջ։