image

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոցը կրկին անգամ վկայակոչած է Փաշինեանը

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոցը կրկին անգամ վկայակոչած է Փաշինեանը

Հոկտեմբեր 9-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով գլխաւոր խորհրդական Լուի Պոնոյի հետ։

Ինչպէս ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտնած են Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն, հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան օրակարգի, տարածաշրջանի մէջ առկայ իրավիճակի եւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ։

Կողմերը քննարկած են «Ատրպէյճանի ձեռնարկած քայլերը Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ բնակող հայ բնակիչներու վերահամարկման ուղղութեամբ»։ 

Պայրամով հիւրին նոյնիսկ տեղեկացուցած է «հակաահաբեկչական միջոցառումներու մասին», որոնց հետեւանքով բնակչութիւնը լքած է Լեռնային Ղարաբաղը։

«Նախարար Ճէյհուն Պայրամովը նշած է, որ հայկական կողմի յայտարարութիւնները, հռետորաբանութիւնը եւ սադրանքները՝ ուղղուած Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ, կը շարունակեն լուրջ վտանգ ստեղծել խաղաղ գործընթացի համար եւ ընդգծած, որ նման գործողութիւնները կը վնասեն տարածաշրջանի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատմանն ուղղուած ջանքերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։

Նշուած է, որ Ատրպէյճանէն հայ բնակիչներու հեռանալը կամաւոր է եւ հիմնուած է իրենց որոշման վրայ, եւ որ այդ քայլը կապ չունի որեւէ բռնի տեղահանման հետ, որ հաստատած են ե՛ւ Հայաստանի վարչապետը, ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւնները։ Այս ծիրէն ներս նշուած են ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներու այցերը տարածաշրջան եւ վերջին 30 տարուան ընթացքին առաջին այցի արդիւնքներուն յաջորդած առաքելութեան յայտարարութիւնները», - մէջբերած է լրատուամիջոցը Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետը փաստացի յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վտանգ չի սպառնար, եւ այդ յայտարարութիւնն օգտագործած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին իր ելոյթին մէջ։