Ատրպէյճանցի «բնապահպաններ»-ը յայտարարած են, որ այսօր՝ ժամը 18։00-էն, ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցնեն Լաչինի միջանցքին իրականացուող արշաւը։
Այս մասին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ «բնապահպաններ»-ը Շուշիի շրջանին մէջ հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ, որու ժամանակ կառավարութեան ներկայացուցիչներն ըսած են, որ «ապրիլ 23-էն պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումները անցակէտ տեղադրած են Հայաստանի հետ սահմանին եւ, ուստի մասնակիցներուն անգամ մը եւս առաջարկուած է դադրեցնել արշաւը»։
Նշենք, որ անոնց հեռանալէն ետք ալ Արցախը պիտի շարունակէ շրջափակման մէջ մնալ, քանի որ ապրիլ 23-ին ատրպէյճանական կողմը փակած է Արցախ-Հայաստան սահմանագծին գտնուող Հակարիի կամուրջը, այնտեղ անցակէտ տեղադրած: