image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ ատրպէյճանեան մամուլին. «Զանգեզուրի միջանցքի» (ատրպէյճանական) հատուածի աշխատանքներու 95%-ը աւարտած է

Ըստ ատրպէյճանեան մամուլին. «Զանգեզուրի միջանցքի» (ատրպէյճանական) հատուածի աշխատանքներու 95%-ը աւարտած է

«Զանգեզուրի միջանցք»ին վրայ աշխատանքները կը շարունակուին շուրջօրեայ։ Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական Xəzər TV-ին՝ նշելով, որ  այս նախագիծը տարածաշրջանի ուշադրութեան կեդրոնը եղած է հինգ տարի շարունակ։

«Նախագիծի ատրպէյճանական հատուածի աշխատանքներու 95%-ը, որ կը համարուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ հիմնական տարանցիկ հանգոյցներէն մէկը, արդէն աւարտած է։

«Զանգեզուրի միջանցք»ը ռազմավարական նշանակութիւն ունի ոչ միայն Ատրպէյճանի եւ հարեւան երկիրներու, այլեւ աւելի լայն աշխարհագրական տարածաշրջանի համար: Այս ճանապարհը պիտի կրճատէ արեւելքէն արեւմուտք բեռներու փոխադրման ծախսերը՝ նուազեցնելով տարանցիկ երթուղիի երկարութիւնը։ Այդ իսկ պատճառով նախագիծի իրականացման ժամանակ հաշուի առնուած են երկարաժամկէտ հեռանկարները»։