image

Իմարաթներ կը հերքէ Իրանը հարուածած ըլլալու մասին լուրերը

Իմարաթներ կը հերքէ Իրանը հարուածած ըլլալու մասին լուրերը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեան The Jerusalem Post-ին հերքած է այն տեղեկութիւնը, որ իր երկիրը ներգրաւուած եղած է իրանական աղազատման կայանին ուղղուած հարուածին մէջ։

Պարբերականի տեղեկութիւններու համաձայն՝ ԱՄԷ-ն, պատերազմ մտնելու պարագային, հարուած չէր հասցներ քաղաքացիական թիրախի, այլ պիտի թիրախաւորէր ռազմական կառոյց։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը եւս հերքած է իր մասնակցութիւնը այդ հարուածին։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հարուած հասցուցած է իրանական աղազատման կայանին, որ պիտի ըլլար անոնց առաջին պատասխան գործողութիւնը իրանական անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռային յարձակումներուն դէմ՝ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ իսլամական վարչակարգին դէմ մղուող պատերազմի շրջածիրէն ներս։