Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է, որ երկրի իշխանութիւնները 2023-ի պետական պիւտճէի կարգաւորումները վերանայած են եւ որոշած աւելցնել պաշտպանութեան ոլորտի ֆինանսաւորումը։
«Բանակաշինութեան հարցով մենք միշտ աշխատած ենք համակարգային ձեւով եւ կը շարունակենք այդ աշխատանքը։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ մենք կանգ չենք առած, ընդհակառակը, առաջ կ'երթանք։ Այս տարուան պետական պիւտճէին մէջ կը մտցուին լրացումներ, լրացուցիչ ծախսերու զգալի մասը նորէն կը նախատեսուի պաշտպանական նպատակներու համար։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մենք միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք։ Կ'աւելնան սպառնալիքները, կը մեծնայ վտանգը, եւ մենք պէտք է կարողանանք յաղթահարել ցանկացած սպառնալիք»,- ըսած է Ալիեւ չորեքշաբթի օր ժողովրուդին յղած ուղերձով։
Ան նաեւ նշած է, որ ատրպէյճանական բանակը կը մտնէ աշխարհի ամենաուժեղ բանակներու շարքին։
«Ատրպէյճանական բանակը ինչպէս սպառազինութեամբ, այնպէս ալ մարտունակութեամբ աշխարհի ամենաուժեղ բանակներու շարքին է։ Մեր բանակը պայքարած է, ցուցադրած իր ուժը ոչ թէ շքերթով, այլ մարտադաշտին վրայ։ Այսպիսին է մեր բանակը։ Բանակաշինութիւնն այսօր ալ կ'ապահովուի պատշաճ մակարդակով, պիտի ապահովուի նաեւ այսուհետ»,- ընդգծած է Ալիեւ։
Ինչպէս տեղեկացուած էր աւելի վաղ, 2023-ի պետական պիւտճէին մէջ պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ապահովման համար նախատեսուած է 5,3 միլիառ մանաթի (աւելի քան 3,1 միլիառ տոլար ընթացիկ փոխարժէքով) ֆինանսաւորում կամ պետական պիւտճէի ծախսերու 16 տոկոսը։