Ընթացիկ տարուան յունուարէն յունիսն ինկած ժամանակահատուածին Ատրպէյճանը Եւրոպա արտահանած է 6,4 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ, որ 0,7 միլիառ խորանարդ մեթրով կամ 12,3 տոկոսով աւելի է 2023 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ։
Երկրի ուժանիւթի նախարարութեան տուեալներով, ընդհանուր առմամբ, այս տարուան առաջին կիսամեակին Ատրպէյճանն արտահանած է 12,7 միլիառ խմ կազ, որ 6%-ով աւելի է, քան նախորդ տարուան համապատասխան ժամանակահատուածին մէջ։
Ընթացիկ տարուան յունուար-յունիսին Ատրպէյճանը Թուրքիոյ վաճառած է 5 միլիառ խմ կազ, իսկ Վրաստանին՝ 1,3 միլիառ խմ։ Այս ցուցանիշները, նախորդ տարուան համեմատ, չեն փոխուած: