ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ ըսած է, որ կը տեսնէ Ասիոյ մէջ ուքրանական հակամարտութեան նման նախադրեալներ՝ Չինաստանը մեղադրելով ռազմականացման եւ Ռուսիոյ հետ մերձեցման մէջ։
«Այն, ինչ այսօր տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի մէջ, կրնայ տեղի ունենալ վաղը Ասիոյ մէջ»,-ըսած է Սթոլթընպըրկը Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։
Փեքինի մէջ, ըստ անոր, ուշադիր կը հետեւին Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակի զարգացման եւ դասեր կը քաղեն, որոնք կրնան ազդել ապագայի որոշումներու վրայ։
Սթոլթընպըրկ աւելցուցած է, որ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները «իրական մտահոգութիւններ» ունին ասիական տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ, եւ այդ մասին քննարկած են Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ։
«Չինաստան էապէս կը կուտակէ իր ռազմական ուժերը, ներառեալ միջուկային ուժերը: Ան կը փորձէ վերահսկել Հարաւչինական ծովը, կը սպառնայ Թայուանին, կը ձգտի վերահսկողութեան տակ առնել կարեւոր ենթակառուցուածքները, այդ շարքին՝ ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն մէջ: Ճնշելով իր բնակչութիւնը, Չինաստանը կ'ոտնահարէ մարդու իրաւունքները եւ կը խորացնէ ռազմավարական գործընկերութիւնը Մոսկուայի հետ»,-ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը։