image

Գնա՜ աղբարիկ … այդ քու շեշտուած համեստութեամբդ տիեզերքը գրկէ

Գնա՜ աղբարիկ … այդ քու շեշտուած համեստութեամբդ տիեզերքը գրկէ

Ականջ չտալով գրչեղբայրներու թախանձանքին ան անաղմուկ, թարգմանչական գործին լծուեցաւ: Եւ սա ալ աւելցնեմ, որ հայ մտաւորականութեան շարքերուն մէջ քիչերու հանդիպած եմ, որոնք Գոչունեանին զսպուածութիւնը ցոյց տային, իրենց շուրջ օրն ի բուն բամբասող ու ոտնձգութիւններ սարքող անարիւն գրողներու սադրանքներուն դիմաց:     

Գնա՜ աղբարիկ գնա՜… այդ քու շեշտուած համեստութեամբդ տիեզերքը գրկէ:

 

Արդէն երկու շաբաթէ ի վեր, Ղարաբաղի անկումին սահմռկեցուցիչ իրողութեան ու Իսրայէլ-«Համաս», հրեայ-պաղեստինեան ահարկու կոտորածներու ծաւալումին կողքին, իմ ամենամօտ գրչեղբօրս եւ ինչու չէ, կրտսեր եղբօրս՝ Երուանդին երկրորդ կաթուածին գոյժը պիտի զգետնէր զիս: Անոր զգայազիրկ մարմինը կ՛երեւակէի այդ պահուն, հիւանդանոցի մը սառն մթնոլորտին մէջ․ անգիտակ երկարած է, զաւակներուն ու իր սիրելիներուն գորովալից, ջերմ ու գուրգուրոտ հոգածութեան տակ կը գալարուի, ահաւոր զգացումներով վարակելով աշխարհով մէկ ցրուած ազգ ու բարեկամութեան ցաւատանջ սրտերը…

Բացի ընտանիքիս անդամներու մահուան ցաւալի առիթներով ապրած անչափելի վիշտէս, կեանքիս մէջ երբեք այսպիսի զգետնող, հոգի ու սիրտ բզքտող զգացումով չէի վարակուած… Դեռ մինչեւ այս պահս անհաւատալի կու գայ, կոշմարի նման հոգիիս ծանրացող այս գոյժը, սիրելի անձի մը, որ գրչակից մը ըլլալու կողքին, տասնամեակներու ընթացքին, նաեւ կրտսեր եղբայր մը եղած է, այն օրէն երբ Լիբանանի մէջ Սիմոն Սիմոնեանին հրատարակած «Սփիւռք» գրական թերթի շրջափակէն ներս, ծանօթացայ գրական խմբակի ամենէն երիտասարդ ու խոստումնալից անդամներէն մէկուն՝ Երուանդ Գոչունեանին:

Առաջին օրէն, տաքսիրտ այս տղան վրաս դրական տպաւորութիւն գործեց, իբրեւ ընկերասէր, մարդամօտ բնաւորութեամբ փայլատակող տաղանդաւոր ապագայ գրող ու հայրենապաշտ անհատ:

Լիբանանի եղբայրասպան կռիւները զինք ալ Միացեալ Նահանգներ նետեցին, Յարութիւն Պէրպէրեանի, Լեւոն Գասպարեանի, Վեհանոյշ Թեքեանի, Խոսրով Ասոյեանի, Մարկօ Քիւփէլեանին․ ու միւսներուն նման, իմ ընտանիքս ալ, Սիէրա Լէոնէ ծայր տուած եղբայրասպան կռիւներէն խոյս տալով, խօսքը մէկ ըրածի պէս, Ամերիկա հաստատուեցանք:

Գոչունեաններուն եւ Գուբելեաններուն միջեւ ընկերական ջերմ յարաբերութիւն մը զարգացաւ: Գրեթէ ամէն առիթով կը հանդիպէինք: Երուանդը Հրանդ Սիմոնեանի կողքին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ Սիմոն Սիմոնեանը Լոս Անճելըս հրաւիրելու գործին մէջ: Նոր գործերս առաջին ընթերցողը կ՛ըլլար ան ու իր անկեղծ կարծիքը կու տար, առանց վերէն առաքուածի հովեր առնելու:

Սակայն երբ առիթով մը ականջալուր կ՛ըլլայի Երուանդին հետեւեալ յայտարարութեան՝ «Երբ հայ գրականութիւնը Վարուժաններ ու Չարենցներ տուած է, ես ով եմ որ անոնց ուղիին հետեւիմ…», յուզումս ու հիասթափութիւնս չկրցայ զսպել կրտսեր գրչեղբօրս նիհիլիստական յայտարարութեան դիմաց եւ պատասխանեցի․

– Գրականութեան մէջ մեծի, պզտիկի հարց չէր կրնար ըլլալ… Ամէն ոք, ուժերուն ներած չափով իր համեստ ներդրումը պիտի բերէր ստեղծագործութեան մեր հաւաքական ճիգերուն: Տիեզերքի մէջ ոչ մէկ հաւաքականութիւն միայն Վարուժաններ ու Չարենցներ ծնած է… տղայ ճան՜:

Ո՜վ ըսաւ որ եթէ շարունակէիր գրել, դուն ալ փոքր Չարենց մը պիտի չի դառնայիր, յարգելով չափանիշերը:

Կեանքը մէկ ծայրէն միւսը տրամա ու կատակերգութիւն է, յարափոփոխ պահեր ընդգրկելով իր մէջ, նայած ենթակային ի՛նչ աստղի տակ ծնած ըլլալու իրողութեան: Այդքան ալ ցայտուն, այնքան ալ ցցուն համեստութիւն քիչ մը շատ էր սփիւռքահայ երիտասարդ ու խոստումնալից գրողի մը համար:

Համեստօրէն դրուած, հաշուենք որ այս գրողն ալ ջլատիչ նոյն մտածելաձեւին զոհ երթար, ո՜վ պիտի հայ գրականութեան տար անոր ափրիկեան ու ամերիկեան ենթահողով գործերը: Գրականութիւնը մրցարշաւ չէ, այլ ստեղծագործելու աստուածատուր կոչում ու պարգեւ:

Ականջ չտալով գրչեղբայրներու թախանձանքին ան անաղմուկ, թարգմանչական գործին լծուեցաւ: Եւ սա ալ աւելցնեմ, որ հայ մտաւորականութեան շարքերուն մէջ քիչերու հանդիպած եմ, որոնք Գոչունեանին զսպուածութիւնը ցոյց տային, իրենց շուրջ օրն ի բուն բամբասող ու ոտնձգութիւններ սարքող անարիւն գրողներու սադրանքներուն դիմաց:     

Գնա՜ աղբարիկ գնա՜… այդ քու շեշտուած համեստութեամբդ տիեզերքը գրկէ:

Կեանքի մէջ ամէն ինչ սկիզբ ու վերջ ունի, որոնց շարքին՝ նաեւ մարդուս կեանքը: Բայց սիրելի Երուանդ, պէտք չէ աճապարէիր․ արդեօք քիչ մը կանուխ չէ՜ր մեկնումդ…

Հողը թեթեւ գայ վրադ գրչակից կրտսեր եղբայր…

 

Ստորեւ Գոչունեան Երուանդին կենսագրական գիծերը․

Ծնած է Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մէջ 1950ի Յունիս 3ին: Հօր անունը՝ Կարապետ, մօրը՝ Թշխուն, քրոջը՝ Էլմաստ, իսկ եղբօրը՝ Գալուստ: Այնճար կը հաստատուին անոնք մինչեւ տասը տարիքը թեւակոխելը: Ապա բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Հայկազեան քոլէճին մէջ: Համալսրանական ուսումը աւարտելէ ետք կը զբաղի ուսուցչութեամբ: Կ՛ամուսնանայ Կրէյսին հետ ու 1975ին Ամերիկա կը հաստատուին, ուր կը բախտաւորուին զոյգ մը տաղանդաւոր զաւակներով՝ Դատ եւ Թարա:

Երկար տարիներ որպէս տնօրէն կը գործէ ան «Պլու Քրոս» ( Blue Cross) ընկերութեան մէջ: Աւելորդ է ըսել, թէ անոր նախասիրութիւնը գիր գրականութիւնը եղած է: Թոշակի անցնելէ ետք թարգմանչութեամբ զբաղած է:

2014ին իր առաջին կաթուածը կ՛ունենայ: Չտեսնուած քաջութեամբ կը քաշկռտէ կեանքը շրջապատէն քօղարկելով իր ցաւերը: Սակայն վերջին երկու ամիսները ճակատագրական եղան: Ամբողջ օրը ան կը գալարուէր ցաւերու մէջ: Հիւանդանոց կը փոխադրուի ուր երկու շաբաթ վերջ սրտի ուժգին տագնապով՝ Հոկտեմբեր 14ին, իր հոգին աւանդեց:

 

Պօղոս Գուբելեան

«Ասպարէզ»