Աշխարհն առաւել քան երբեւէ մօտ է միջուկային աղէտին. այս մասին, forbes.kz-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Ղազախստանի նախկին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը:
«Այսպիսի յետընթացն ինծի յատկապէս կ՚անհանգստացնէ, քանի որ մեր երկիրը մեծ ներդրում ունեցած է միջուկային զինաթափման գործին մէջ։ Առանց համաշխարհային մակարդակով քաղաքական կամքի գրեթէ անհնար է այս ոլորտին մէջ շօշափելի առաջընթացի հասնիլ», - ընդգծած է Նազարպաեւը:
Ղազախստանի առաջին նախագահը նշած է, որ «ապագային հնարաւոր միջուկային մագլցումի լոյսին տակ զէնքի չտարածման եւ զինաթափման հարցերն այսօր կը պահանջեն հակամիջուկային շարժման բոլոր մասնակիցներու աշխուժացում»։
Եզրափակելով՝ Ղազախստանի առաջին նախագահը անգամ մը եւս վստահութիւն յայտնած է, որ «միայն փոխզիջումներու եւ ողջամիտ զիջումներու միջոցով համաշխարհային հանրութիւնը կը կարողանայ դուրս գալ հակամարտութիւններու արատաւոր շրջանակէն»: