«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ 3 տարի առաջ Տէր Զօրի մէջ զոհուած Սուրիոյ բանակի հայ զինուոր Անդրանիկ Քահքէճեանի մայրը՝ Արշօ Օրուլեանը:
-Տիկին Արշօ, մենք գիտենք, որ ձեր որդին զոհուած է Տէր Զօրի մէջ: Ե՞րբ պատահեցաւ դէպքը, եւ որքա՞ն ժամանակէ ի վեր կը ծառայէր Սուրիոյ բանակին մէջ:
-Տղաս`Անդրանիկ Քահքէճեանը ճիշդ երեք տարի եւ հինգ ամիս առաջ նահատակուեցաւ Տէր Զօրի մէջ: Այն ժամանակ 22 տարեկան էր: Ան Սուիրոյ բանակի մէջ զինուոր էր, եւ չորս տարի եղած էր անոր զինուորական ծառայութեան:
27 մայիս, 2010-ին ան միացաւ Սուրիոյ բանակին եւ իրենց գունդը ուղղուեցաւ դէպի Քընայթրա: Անոնք այդտեղ մնացին մինչեւ 2012 թուականի յունիս ամիսը, ետքը գործուղուեցան դէպի Տէր Զօր: Տէր Զօր տեղափոխուելէ ետք միայն մէկ անգամ արձակուրդ առնելով Հալէպ եկաւ եւ մնաց 15 օր, ապա մէկ ամիս ետք` 16 մայիս, 2014-ին ստացանք իր մահուան բօթը: Տղաս շատ սիրուած եւ յարգուած էր իր ընկերներուն կողմէ եւ շրջապատին մէջ: Ան շատ աշխոյժ էր. եղած էր սկաուտ, ապա ՀՅԴ երիտասարդականի (ՍԵՄ) անդամ, նաեւ մաս կազմած էր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին:
-Ի՞նչ վիճակ կը տիրէր Տէր Զօրի մէջ իր մահացած օրերու ընթացքին, եւ իր մահուան լուրը ինչպէ՞ս ստացաք, ո՞վ ըսաւ:
-Այդ ընթացքին, երբ ան սկսաւ Տէր Զօր ծառայել, հեռաձայնի կապը շատ տկար էր, եւ միշտ չէինք կրնար հետը կապ հաստատել եւ խօսիլ, սակայն ջանք կ’ընէինք, թէկուզ տկար կապ ըլլալու պարագային ալ կը փորձէինք հետը խօսիլ: Այդ օրերուն ալ, նոյնպէս փորձեցինք հեռաձայնել, բայց այդ անգամ իր արաբ ընկերը պատասխանեց եւ ըսաւ, որ Անդրանիկը քիչ մը յոգնած է եւ չի կրնար խօսիլ: Մենք շատ մտահոգուեցանք եւ ձեւով մը կրցանք ընկերոջ բերնէն խօսք «քաշել» եւ իմացանք որ վիրաւորուած է: Այդ օրը քանի մը բառ միայն կրցաւ խօսիլ մեզի հետ, ապա կապը ընդհատուեցաւ: Յաջորդող երկու օրերուն անընդհատ փորձեցինք իր հետ կապ հաստատել, սակայն՝ իզուր ... անհնար էր: Դէպքէն երեք օր ետք ալ ամուսինիս հեռաձայնով յայտնեցին Անդրանիկիս մահման լուրը:
Ամուսինս երեք օր կրցաւ պահել այդ լուրը ինձմէ: Պահեց, որովհետեւ դիակը ուշ պիտի ստանայինք եւ չուզեց տանջուիլս: Մեր հերոսին մարմինը ստացանք 6 օր յետոյ:
-Կրցա՞ք իմանալ դէպքին ու Անդրանիկի մահուան պատճառները:
-Ոչ, մեզի յստակ պատասխան մը չտրուեցաւ դէպքի մանրամասնութիւններուն մասին: Գիտենք, որ ան վիրաւորուած էր եւ երեք օր յետոյ մահացած էր, սակայն ի՞նչպէս չկարողացան փրկել անոր կեանքը, մինչեւ հիմա ալ յստակ չէ մեզի համար: Գիտենք, այն ինչ որ ընկերը մեզի փոխանցեց` վիրաւորուած էր, վէրքը ծանր էր` փամփուշտը պորտին մօտէն մտած էր եւ մէջքէն ելլած: Գործողութիւն ըրած էին եւ ներքին արիւնահոսութիւն ունեցած էր, սակայն բժիշկները չէին նկատած արիւնահոսութիւնը եւ հաւանաբար այդ պատճառով ալ մահացած էր: Երբ դիակը ստացանք, հայրը ուզեց անպայման վերջին հրաժեշտ տալ Անդրանիկին եւ այդ ատեն ալ նկատեց, նկատեց անոր մէջքին վրայ եղած մեծ վէրքը:
-Ինչպէ՞ս կրցաք յաղթահարել այս ամէնը: Գիտենք նաեւ, որ Տէր Զօր ուրիշ հայ զինուորներ ալ կան, արդեօ՞ք իրենց մասին որեւէ տեղեկութիւն ունի՞ք:
-Ազգականներս, բարեկամներս եւ ընկերներս բոլորը զիս մխիթարեցին, սակայն մխիթարել հասկացողութիւնը յարաբերական է: Ես զաւակ կորսնցուցի, եւ վէրքս շատ մեծ եւ խորունկ է, եւ ոչ մէկ բան չի կրնար սփոփել վէրքս: Ես տակաւին չեմ հաւատար եղածին եւ ինքզինքս չեմ գտած, սակայն կը փորձեմ ոտքի մնալ: Ես եւ ամուսինս հպարտ ենք մեր զաւակով եւ քաջ գիտենք որ սովորական մահով չմեռաւ, այլ մեռաւ պատերազմի ճակատին վրայ, որպէս քաջ զինուոր: Չէք կրնար պատկերացնել՝ ամբողջ Հալէպը ցնցուեցաւ տղուս մահը լսելով, շատ մեծ թաղում մըն էր Անդրանիկին թաղումը: Մինչեւ այսօր, ուր որ ալ երթամ, երբ մականունս իմանան կը հարցնեն, «Դուք նահատակ Անդրանիկ Քահէքճեանին մա՞յրն էք»: Ըսեմ նաեւ, որ տղուս քառասունքը կատարուեցաւ չորս տարբեր քաղաքներու մէջ` Հալէպ, Լաթաքիա, Լիբանան եւ Հայաստան: Ան շատ սիրուած երիտասարդ մըն էր:
Տղաս քանի մը ընկերներ ունէր, որոնք իրեն պէս Տէր Զօր կը ծառայէին: Մէկ մասը մահացաւ, միւս մասը կրցաւ Սուրիայէն դուրս ելլել, կան որոշ անձեր, որոնք անհետացան, օրինակ Ժիրայր Քէչէճեանը` այս տղուն մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ, նոյնիսկ չենք գիտեր՝ թէ ան ո՞ղջ է, կամ՝ մահացած:
-Անդրանիկը երբ զինուորութեան գնաց, ի՞նչ տրամադրութիւն ունէր, եւ արդեօք իր կեանքին մէջ անձ մը կա՞ր որ իր վերադարձը անհամբեր կը սպասէր:
-Ան համոզուած գնաց եւ ըսաւ, որ մէկ տարի ինը ամիս վերջ պիտի վերադառնայ եւ իր բնականոն կեանքը պիտի շարունակէ: Սակայն ես, հանգիստ չէի, սիրտս միշտ կը տրոփէր, եւ կը զգայի, որ զաւակներէս մէկը պիտի կորսնցնեմ: Այդ օրը երբ իմացայ, որ իր զօրագունդը Տէր Զօր գացած է, արդէն այդ զգացումը կրկնապատկուեցաւ եւ միշտ աչքիս առջեւ կու գար այն պատկերը, որ տղաս դագաղի մէջ է: Այս մասին մարդ չէր գիտեր, բայց երբ զաւակս կորսնցուցի, պատմեցի ամուսինիս եւ միւս զաւակներուս: Անոնք չհաւատացին, սակայն սա մայրական զգացում է…
Անդրանիկը ունէր ընկերուհի եւ նպատակ ունէր զինուորութենէն ետք ընտանիք կազմել, սակայն մահը շուտ եկաւ եւ իրեն տարաւ: Ճակատագրի սեւ խաղ էր եղածը…
-Ե՞րբ եկաք Հայաստան, ինչպէ՞ս կ’ապրիք հոս եւ ինչո՞վ կը զբաղիք:
-4 ամիս կ'ընէ, որ մենք Հայաստան ենք: Գիտենք, որ հոս նոյնպէս կեանքը դիւրին չէ, սակայն պիտի փորձենք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները: Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ առողջ ենք եւ զաւակներս լաւ են, քովս են: