image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Սարգսեան իր բուժումը պիտի շարունակէ տնային պայմաններու մէջ

Արմէն Սարգսեան իր բուժումը պիտի շարունակէ տնային պայմաններու մէջ

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրով վարակուած Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը կը շարունակէ բուժումը տնային պայմաններու մէջ:

Ինչպէս «Արեւելք»-ին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Հայաստանի նախագահի ինքնազգացողութիւնը համեմատաբար բարելաւուած է, անոր առողջական վիճակին մէջ առկայ է դրական շարժ, սակայն ան դեռ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Բժիշկներու թոյլտւութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Սարգսեանը պիտի վերադառնայ Երեւան: Նախագահը կը շարունակէ աշխատիլ հեռավար՝ իրականացնելով իր սահմանադրական գործառոյթները:

Հանրապետութեան նախագահը եւ տիկին Նունէ Սարգսեանը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած են առողջութեան մաղթանքներու եւ զօրակցութեան խօսքերու համար: