image

Արկածին հետեւանքով երէկ մահացած յղի կինը Արցախի համար գործող Սոնա Մնացականեանն է

Արկածին հետեւանքով երէկ  մահացած  յղի կինը Արցախի համար գործող Սոնա Մնացականեանն է

Երեւանի Պարոնեան-Լէօ փողոցներու խաչմերուկին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շարասիւնին կողմէ արկածով մահացած 29-ամեայ յղի կինը Սոնա Մնացականեանն էր: Ան կ'աշխատէր «Support Our Heroes – Armenia» կազմակերպութեան մէջ:

Կազմակերպութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի. «Խորը ցաւով տեղեկացանք մեր կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ, Կազմակերպութեան կողմից Արցախում կառուցուող «Թեւեր» ՏՏ կենտրոնի ծրագրի ղեկավար Սոնա Մնացականեանի անժամանակ մահուան գոյժի մասին:

Սոնան միշտ կը մնայ մեր սրտերում` որպէս բացառիկ հայրենասէր եւ բարձր մարդկային արժանիքներ ունեցող ընկեր:

Ցաւակցում ենք Սոնայի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին, ընկերներին»:

Նշենք, որ Սոնան ծնած ու մեծցել էր Արտաշատի` Բերքանուշ գիւղին մէջ: Անցեալ տարի ամուսնացած էր, Երեւանի մէջ կը բնակէր: