image

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Նուիրակին ներկայութեամբ. Պրիւքսէլի մէջ՝ 5 դպիրներու ձեռնադրութիւն

 Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Նուիրակին ներկայութեամբ. Պրիւքսէլի մէջ՝ 5 դպիրներու ձեռնադրութիւն

 

Պրիւքսէլի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է 5 դպիրներու ձեռնադրութիւն:

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  խմբագրութեանս յղուած  թղթակցութիւնէն, ուր մասնաւորապէս  գրուած է , թէ կիրակի, 15 հոկտեմբերին, Ս. Թարգմանչաց տօնի ուրախ առիթով, Պրիւքսէլի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին ներկայ եղած է Արեւմտեան Եւրոպայի մօտ Հայրապետական Պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Օրուան պատարագիչն էր Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զատիկ Վարդապետ Աւետիքեան։

Թարգմանչաց խորհուրդի, Քրիստոնէական հաւատքի, եկեղեցւոյ եւ ազգի ծառայութեան մասին քարոզած է Խաժակ Արբազանը` յորդորելով, հակառակ ամէն փորձութիւններու, երբեք չկորսնցնել մեր հոգեւոր բարձր արժէքները, մեր անհատական ու հաւաքական հաւատքը, յոյսը, սէրը, Աստծոյ եւ ազգին ծառայութեան ոգին։

 

 

 

 

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Սրբազան Հայրը կատարած է ձեռնադրութիւն։ Դպրութեան 4 աստիճան ստացած են, տարիներէ ի վեր եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներ` Թովմաս Եալման, Վահան Եաղըրեան, Միսակ Գէորգեան, Շանթ Դաւիթեան եւ Նարեկ Չանեան։

 

Յաւարտ Ս. Պատարագի եւ ձեռնադրութեան, եկեղեցւոյ սրահը տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն` ի պատիւ Խաժակ Սրբազանին եւ ձեռնադրուած դպիրներուն։

 

 

 

Բարի եւ նուիրեալ ծառայութեան մաղթանքներ Հայ Եկեղեցւոյ հին եւ նոր` բոլոր սպասաւորներուն։