image

Արեւմտահայերէնի խթանում եւ զարգացում. Հարցազրոյց՝ Գայիանէ Մածունեանին հետ

Արեւմտահայերէնի խթանում եւ զարգացում. Հարցազրոյց՝ Գայիանէ Մածունեանին հետ

 «Մեզի համար Լիբանանը Արեւմտահայերէնի բնական տուն է»,-այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Գայիանէ Մածունեան։

 Մածունեան, որ արդէն տարիէի մը ի վեր նշանակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» լիբանանահայութեան ուղղուած ծրագիրներու պատասխանատու շեշտեց, որ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակեն մնալ իրենց ուշադրութեան կիզակէտին։

 

 Ան խօսելով «Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» գործունէութեան տարբեր ոլորտներուն մասին նշեց, որ համավարակի օրերուն հիմնարկութիւնը կարեւոր նախաձեռնութիւններ յանձն առաւ խթանելու համար ընդհանրապէս հայերէն լեզուի եւ մասնաւորապէս Արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ նեցուկ կանգնելու բոլոր անոնց, որոնք հայերէն լեզուն հաղորդական եւ առողջ պահելու ճիգեր կ՚իրականացնեն։

 

 Ան նաեւ նշեց, որ «Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» հայկական բաժանմունքին համար կարեւոր տեղ կը գրաւեն Հայաստանի համար նախատեսուած ծրագիրները եւ այդ առումով ալ հիմնարկութիւնը պիտի շարունակէ մնալ յանձնառու։

 

 Գայիանէ Մածունեանի հետ Սագօ Արեանի կատարած հարցազրոյցը ՝ տեսանիւթով։