image

Արդիւնաւէտ զրոյց ունեցայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներուն հետ. Պլինքըն

Արդիւնաւէտ զրոյց ունեցայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներուն  հետ. Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն X-ի իր էջին գրառում կատարած է՝ նշելով, որ արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

«Այսօր արտայայտած եմ Միացեալ Նահանգներու վճռական աջակցութիւնը երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուտափոյթ կնքման հարցով»,- գրած է Պլինքըն։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի կազմաւորման 75-ամեակին նուիրուած գագաթնաժողովի շրջանածիրէն ներս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը:

Կողմերը նշած են խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ պատմական պայմանագրի կնքման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ գրանցուած առաջընթացը եւ համաձայնած են շարունակել աշխատանքները։

Էնթընի Պլինքըն հանդիպման նշած է, որ Պաքուն եւ Երեւանը մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։

Հանդիպումէն ետք ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը եւս գրառում կատարած էր՝ վերահաստատելով Հայաստանի քաղաքական կամքը՝ հնարաւորինս շուտ աւարտելու եւ կնքելու խաղաղութեան պայմանագիրը Ատրպէյճանի հետ։