image

Արդեօ՞ք Թուրքիա Մութ Փապուղի Պիտի Մտնէ

Արդեօ՞ք Թուրքիա   Մութ Փապուղի Պիտի  Մտնէ

Թուրքիա-  («Էլ Նաշրա»- Լիբանան)   «Արդեօ՞ք Թուրքիա   Մութ փապուղի  պիտի  մտնէ» այսօր նման խորագրով նիւթ հրապարակած է Լիբանանեան «Էլ Նաշրա» կայքը,  որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ  յատկապէս   այսօր   PKK-ի(Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն) կողմէ  թրքական սահմանային կէտի մը վրայ      տեղի ունեցած գրոհը  կրնայ ծանր  եւ վտանգաւոր հանգրուանի մը   առաջնորդել   երկիրը: Կայքի յօդուածագիրը նաեւ նկատել տուած է, որ Սուրուճ շրջանը ցնցած  պայթումէն  առաջ  նոյնիսկ    Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ քիւրտերուն  դէմ երեւելի ճնշումներ     կը գործադրուէին եւ այդ ճնշումները կան ունին Թուրքիոյ քիւրտերուն  Սուրիոյ մէջ ISIS-ի դէմ   մղած մարտերուն  հետ: Ըստ  աղբիւրին     այսօր տեղի ունեցածը նաեւ ցոյց կուտայ, որ    Թուրքիոյ  քիւրտերը յետ այսու  լուռ  պիտի չմնան եւ անոնք  պիտի արձագանգեն, իրենց դէմ եղած  որեւէ      արարքի:  Թուրքիոյ մէջ   ապրող քիւրտերուն մեծ տոկոսը  կը հաւատայ, որ  երկրի իշխանութիւնները  զօրավիգ կը կանգնին   ISIS-ին եւ      ճանապարհ կը բանան  անոնց, որպէսզի  ահաբեկչական  արարքներ կատարեն քիւրտերուն դէմ:  Կայքի  վերլուծող խմբագիրը նաեւ   գրած է, որ  Սուրուճ  յատուկ կերպով թիրախ դարձած էր , որովհետեւ Քոպանիի մէջ  ISIS-ի  դէմ  գրանցուած  յաղթանակի ետին կը կանգնին   քրտաբնակ  այդ շրջանները:  Աւարտին        լրագրողը նաեւ  յայտնած է, որ  այօրուան դրուաթեամբ եւ յատկապէս Սուրուճի մէջ   գրանցուած  ահաբեկչական  պայթումէն ետք (որուն  հետեւանքով  ինկած էին 30   զոհեր եւ վիրաւորներուն թիւը անցած էր 100-ը)  Թուրքիան մտած է նոր հանգրուան մը եւ այդ հանգրուանը կրնայ  մութ     փապուղի մը տանիլ: