14 երեխայ կը գտնուի Արցախի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի տեղեկատուական շտաբի ամէնօրեայ տեղեկագրէն:
Ըստ տեղեկագրի՝ 9 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։
Արդէն 132 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բոլոր բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծրագրային վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով շուրջ 400 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու հնարաւորութենէ։
Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 28 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։
Տեղեկագրին մէջ նշուած է, որ 726 տնտեսվարող անհատ (ընդհանուրի 17,7%-ը) շրջափակման պայմաններու մէջ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցած է գործունէութիւնը։
Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակի պատճառով նախնականօրէն առնուազն 3,400 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը։
Աւելի քան 14,000 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մատակարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որու ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի կողմէ մատակարարուած է ատոր միայն չնչին մասը: