image

«Արաս»էն երկու ուշագրաւ գիրքեր

«Արաս»էն երկու ուշագրաւ գիրքեր

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է երկու հետաքրքրական թրքերէն գիրք, որոնցմէ մէկուն հեղինակն է Իւմիթ Քուրթ, իսկ միւսինը՝ Պերքէն Տէօնէր։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝ 

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է երկու հետաքրքրական թրքերէն գիրք, որոնցմէ մէկուն հեղինակն է Իւմիթ Քուրթ, իսկ միւսինը՝ Պերքէն Տէօնէր։

Իւմիթ Քուրթի գիրքը կը կոչուի՝ «Kanun ve Nizam Dairesinde: Soykırım Teknokratı Mustafa Reşat Mimaroğlu'nun İzinde Osmanlı'dan Cumhuriyet'e Devlet Mekanizması»։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքին յառաջաբանը գրի առնուած է ակադեմական Համիթ Պոզարսլանի կողմէ։ Իւմիթ Քուրթ յայտնի պատմաբան մըն է, որ մասնագիտական աշխատանք տարած է նաեւ հայկական հարցին վրայ։ Այս հետաքրքրական գործը խմբագրած է Ռոպէր Քոփթաշ։

Պերքան Տէօնէրի հեղինակած գիրքն ալ կը կոչուի՝ «Öyle Bir İstanbul: Semtler, Hayatlar, Hatıralar»։ Պերքէն Տէօնէր, որ քաղաքի ընկերաբանութեան եւ փոքրամասնութիւններու վրայ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ այս գիրքին մէջ ենթաբաժիններու ձեւով խօսած է Իսթանպուլի բազմաթիւ պատմական թաղամասերուն մասին, ուր հայերը ստուար ներկայութիւն ունեցած են։ Այսպէս, Մեծ կղզին, Գատըգիւղը, Կէտիկփաշան, Գումգաբուն, Սամաթիան, Ենիգաբուն, Պաքըրգիւղը, Պէյօղլուն, Հարպիյէն, Գուզկունճուքը եւ Գանլըճան իր հետաքրքրութեան առարկայ դարձած են այս գործին մէջ։ Իւրաքանչիւր թաղամասի յատկացուած բաժնին մէջ խորհրդածութիւնները կու գան ամբողջացնել նաեւ ածանցուած լուսանկարները։

Այս գիրքին խմբագիրը եղած է Օնուր Քոչյիղիթ։