Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ընդունած է Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան օրակարգին առնչուող հարցեր: Արարատ Միրզոյեանը գոհունակութեամբ նշած է երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ Գանատայի ներգրաւուածութեան աւելացման ուղղուած դրական զարգացումները՝ այս ծիրէն ներս ընդգծելով Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանութեան բացումն ու Գանատայի մասնակցութիւնը Եւրոպական Միութեան մշտադիտարկման առաքելութեան:
Երկուստեք ընդգծուած է երկկողմ փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրման կարեւորութիւնը՝ հաշուի առնելով առկայ բարեկամական կապերը եւ ի աջակցութիւն Հայաստանի կողմէ ընտրուած ժողովրդավարական ուղիի:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած անվտանգային իրավիճակի վերաբերեալ: Արարատ Միրզոյեանն անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ներդրուող ջանքերուն, առկայ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի էթնիք զտման հետեւանքով բռնի տեղահանուած հայերու կարիքներու եւ իրաւունքներու հասցէագրման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն: