Կը շարունակուին ՀՀ ԱԳՆ կեդրոնական մարմնի ղեկավար կազմի եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու տարեկան աշխատաժողովի աշխատանքները։
ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է այս տարուան դեսպանաժողովի ուղերձին կարեւորութիւնը․ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ներառեալ դիւանագիտական ծառայութիւնը, կը թեւակոխեն նոր փուլ։ Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ եթէ նախորդ տարուան՝ Օգոստոս 8-էն ետք նոյն ձեւաչափով կայացած քննարկման հիմնական ուղերձը հաստատուած խաղաղութեան շարունակական ամրապնդման կարեւորութիւնն էր, ապա այսօր խաղաղութիւնը արդէն իրողութիւն է։
Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ այսօրուան իրողութիւններուն պայմաններուն մէջ թէ՛ մարտահրաւէրները, թէ՛ հնարաւորութիւնները տարբեր են, եւ անոնց համապատասխան արձագանքման ու առաւելագոյնս իրագործման գործին մէջ դիւանագիտական ծառայութիւնը պիտի շարունակէ կարեւորագոյն դեր կատարել՝ կեանքի կոչելով ՀՀ ժողովուրդէն ստացած նոր՝ ՀՀ անկախութեան եւ դիմակայունութեան հետեւողական ամրապնդման առաջադրանքը։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ նախորդ հինգ տարիներու ընթացքին առկայ եղած ծանրագոյն մարտահրաւէրներու եւ անոնց յաղթահարման ճանապարհին համատեղ իրականացուած աշխատանքին։
Անդրադառնալով ՀՀ զարգացման եւ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ցանցի արդիւնաւէտ կերպով համարկուելու նոր հեռանկարներուն՝ նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ ՀՀ-ն այսօր ունի պատմական հնարաւորութիւն, եւ կառավարութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ նշանակալի արդիւնքներ ապահովելու համար։
Նախարար Միրզոյեան պատասխանած է դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու հարցերուն։
Քննարկուած են թէ՛ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ զարգացման, թէ՛ լայն աշխարհագրութիւն ունեցող գործընկերութիւններու խորացման, կապերու բազմազանացման հարցերը՝ կարեւորելով նաեւ տնտեսական բաղադրիչի լիակատար իրագործումը։
Անդրադարձ կատարուած է խաղաղութեան շարունակական հաստատութենականացման ուղղուած քայլերուն։
Մտքեր փոխանակուած են միջազգային ու տարածաշրջանային զարգացումներու, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ ՀՀ ներգրաւուածութեան նոր առաջնահերթութիւններու շուրջ։