image

Առանց Հ.Օ.Մ.ին Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը Պիտի Չկրնար Շարունակել Իր Առաքելութիւնը

Առանց Հ.Օ.Մ.ին Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը  Պիտի Չկրնար Շարունակել Իր Առաքելութիւնը

«Սուրիոյ Պատերազմէն  առաջ  Ս.Օ.Խ.-ը  եղած է ինքնաբաւ եւ ի վիճակի հոգալու իր բոլոր ծրագիրներու ծախսերը» «Արեւելք»ին ըսաւ Հայ Օգնութեան Միութեան  կեդրոնական վարչութեան  նախկին անդամ  Զեփիւռ  Ռէսիեան: Ան  այլ մարմիններու  շարքին    դրուատեց Հ.Օ.Մ.ի կողմէ ամբողջ սուրիահայութեան յատկացուած  օժանդակութիւնները   յայտնելով, որ առանց  Հ.Օ.Մ.ին  Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը  կը դադրէր իր ծառայութիւնները  մատուցել  յատկապէս հալէպահայութեան:  Խօսելով այսօր ընթացող  օժանդակութեան ծրագիրներուն  մասին  ան ըսաւ, թէ կը շարունակուին  խնամատարական, սննդակողովներու կամ կենցաղային իրերու տրամադրման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրը: «Տաք ճաշ»ի ծրագրին մասին խօսելով` մեր զրուցակիցը նշեց, որ ան նոյնպէս Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութեան օժանդակութեամբ իրականացող ծրագիր մըն է, որ սկիզբ առած է 2012-ին եւ կը շարունակուի միչեւ օրս, որու շրջանակներէն ներս «Օգնութեան Խաչ»-ը սկզբնական շրջանին «Փեթակ»  խոհանոցէն ներս, ապա՝ ապահովական պայմաններէ ելլելով, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի ներքնասրահի «Գառնի» ճաշարանէն ներս, իսկ վերջին ալ շրջանին Նոր Գիւղի «Սիս» համալիրէն ներս գործող պատսպարանի խոհանոցէն ներս իր նպաստընկալ ընտանիքներուն` 100 անձերու, շաբաթական 1-3 անգամ տաք ճաշ կը մատուցէ:  Անոնց  շարքին են խնամող չունեցող տարեցները, բազմազաւակ  կամ նիւթական լուրջ դժուարութիւն ունեցող ընտանիքները: Այնուհետեւ, անդրադառնալով պատերազմի հետեւանքով Ս.Օ.Խ.-ի կրած վնասներուն, մեր զրուցակիցը պարզաբանեց, որ Ս.Օ.Խ.-ը կեդրոնը, բաւական լուրջ վնասներ կրած է պատերազմական այս տարիներուն,  նշելով, որ   կեդրոնը կը  գտնուի   պատերազմող կողմերու միջեւ սահմանային գօտի հանդիսացող Նոր Գիւղին մէջ եւ  այդ իսկ պատճառով 2012-ին բաւական երկար ժամանակ փակ մնացած է, երբ Նոր Գիւղի այդ թաղամասերը ընդհանրապէս պարպուեցան բնակչութենէ, աւելի ուշ, երբ քիչ մը ապահովական պայմանները ձեռնտու դարձած են,  Ս.Օ.Խ.-ի դարմանատունը վերսկսած է իր ծառայութեան մատուցման, մինչեւ 2014-ի Մայիս 29-ը,  երբ դարձեալ 5 օրերու տեւողութեամբ զօրաւոր ռմբակոծման թիրախ դարձած էր Նոր Գիւղը, վնասուած էր նաեւ Ս.Օ.Խ.-ի դարմանատունը եւ շէնքը  լուրջ վնասներ կրած էր: Շրջան մը փակ մնալէ ետք, Ս.Օ.Խ.-ի վարչութիւնը վերսկսած է իր դարմանատան աշխատանքները Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» շէնքին մէջ գտնուող բժիշկի մը անձնական դարմանատունէն ներս, որ  տրամադրուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ: Ապա խօսելով սնունդի ծրագիրներու մասին` Ռէիսեան նշեց, որ «Շտապ Օգնութեան Մարմին»ը սկզբնական շրջանին պարբերաբար արդէն սննդակողովներ կը բաժնէր, նոյնը կը կատարուէր նաեւ տարբեր կեդրոններէ ներս, ինչպէս «Տիգրանեան» սրահը՝ Նոր Գիւղի մէջ,  Հ.Մ.Ը.Մ-ի  պարտէզը՝ քաղաքին մէջ, ուր «Կարմիր մահիկ»-ի հետ գործակցաբար սննդակողովներ կ'ապահովուին, եւ որոնք մինչեւ օրս կը բաժնուին պարբերաբար, միամսեայ եւ երբեմն երկամսեայ դրութեամբ: Ան  ըսաւ,  նաեւ,  թէ «Շտապ օգնութեան մարմին»-ը վերջին շրջանին աւելի յարմար նկատեց օգնութիւնները գումարի տեսքով տրամադրել, որպէսզի իւրաքանչիւրը ինք ճշդէ իր անհրաժեշտութիւնը: Ան աւելցուց. «Այս բոլորի կողքին «Օգնութեան Խաչ»-ը ունի իր նպաստառուներու ցանկը, որոնց ամսական հերթականութեամբ նպաստ կը բաժնէ, երբեմն` կենցաղային իրեր, երբեմն սննդեղէն՝ նայած կարիքի, ինչպէս նաեւ տօնական օրերու նախօրեակին տօնական աւանդութիւններու հետ կապուած անհրաժեշտ իրեր, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին բաժնուիլ»:Անդրադառնալով կրթական ծրագրերուն` մեր զրուցակիցը ներկայացուց, որ 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանին համար Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր միաւորներու ներդրումով 100,000 տոլար նուիրուած, որը աշակերտներու թիւի տոկոսային համեմատութեամբ հաւասարապէս տրամադրուած է բոլոր  համայնքային, միութենական եւ հարանուանական դպրոցներուն: Երկրորդ տարեշրջանին (2013-2014) համար արդէն կը գործէր «Դպրոց ֆոնտ»ը, հոն նոյնպէս 75, 000 տոլլար յատկացուած է  ՀՕՄ-ի կողմէ, իսկ վերջին տարեշրջանին (2014-2015-ին)`  40,000 տոլար:  Ինչպէս կը նշէ մեր զրուցակիցը` տարիներու ընթացքին կրթանպաստի համար տրամադրուած գումարի նուազումը պայմանաւորուած էր պատերազմի զարգացումով, ուր խնամատարական կարիքները աւելի առաջնային դարձան եւ  հանդէս եկաւ այլ ծրագրեր հովանաւորելու կարիքը: