«Ակնյայտ է, որ Արամ Արք. Աթէշեան, անձնական շահերէ մեկնած, իր չակերտեալ առաքելութեան ընդմէջէն «պատրիարքութիւն կը խաղայ» եւ ամէն գնով կ'ուզէ իր խախուտ աթոռը հաստատել, վկայ պետութեան ուղղած իր հռչակաւոր նամակը, պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու գծով, պարզապէս փաստելու, որ ինք պետականամէտ հաւատարիմ մարդ է»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան:
Սրբազան հայրը, պատասխանելով մեր հարցին կապուած Պոլսոյ մէջ հայոց նոր պատրիարք ընտրելու հարցին, թէ արդեօ՞ք այս անգամ «քարը տեղէն պիտի շարժի» ըսաւ՝ «Ներկայ դրութեամբ պատրիարքական ընտրութիւններու արտօնութիւն չի տրուիր պետութեան կողմէ, սակայն հիմա լաւագոյն առիթն է, որ հայ համայնքը իր ուժերը լարէ եւ համակարգուած աշխատանք տանի, որ Արամ Արքեպիսկոպոս իր հրաժարականը ներկայացնէ եւ այլ փոխանորդ մը նշանակուի, «տեղապահ» անուան տակ, որպէսզի ընտրութիւններու ձեռնարկէ: Պոլսահայ մեր համայնքի վիճակը իսկապէս խղճալի է, որով այս ընտրութիւններու ուշացման պատճառով ոչ մէկ դրական տեղաշարժ տեղի կ'ունենայ Թուրքիոյ մէջ, այլ ամէն ինչ սառած է եւ լճացած մթնոլորտ մը կը տիրէ գաղութէն ներս»:
Սրբազան հայրը նոյնպէս անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող իսլամաց(ու)ած հայրերու խնդրին եւ ըսաւ՝ «Թուրքիոյ գիւղերէն ներս տակաւին կան ծագումով հայեր, որոնք պէտք է քրիստոնեայ դառնան: Նոր սերունդ մը կայ, որ պէտք է ներգրաւել հայկական վարժարաններու մէջ, հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը առկայծ պահելու նպատակաւ:
Անդրադառնալով Գերմանիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, Պէքճեան Սրբազան ըսաւ.- «Գերմանիոյ առած որոշումը մեր այրած սիրտերուն ջուր սրսկեց, որով այսպիսի բան մը հարիւր տարիէ ի վեր կը սպասէինք` նման մեծ պետութեան մը կողմէ: Ճիշդ է շատ մը երկիրներ ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը, սակայն Գերմանիոյ ընդունումը որպէս մեղսակից եւ մասնակից այս անմարդկային արարքի գործադրութեան, յատուկ նշանակութիւն ունի, նկատի առած, որ ան իր մեղքը խոստովանեցաւ համայն աշխարհին: Յոյսով ենք որ այս մէկը օրինակ կը դառնայ միւս «մեծերուն», որով Գերմանիան իր այս կեցուածքով ըսել ուզեց «եթէ մենք մեր մեղսակցութիւնը կը բացայայտենք, ուրեմն իրականութիւն մը կայ եւ դուք եւս պէտք է նոյնը ընէք»:
Հուսկ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց պոլսահայ համայնքի պատասխանատու մարմիններուն, որ աւելի վճռական մօտեցում ունենան Արամ Արքեպիսկոպոսին նկատմամբ: Հարկ եղած ատէն նոյնիսկ սաստեն անոր եւ պարտադրեն, որ առանց իր պաշտօնը շահագործելու կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանին հետ «Արեւելք»ի կատարած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ժամերուն՝ կայքի «Հարցազրոյց» բաժնով: