image

Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան Անուանակոչութեան Տօն.Թեմակալ Առաջնորդը մատուցած է Սուրբ Պատարագ

 Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան Անուանակոչութեան Տօն.Թեմակալ Առաջնորդը  մատուցած է  Սուրբ  Պատարագ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տոնոյեան օրերս Ս. Եւ անմահհ Պատարագ մատուցած է Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան Անուանակոչութեան Տօնին առիթով, որու ընթացքին ան շնորհաւորական խօսքերով նշած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան ու օծման 28-րդ ամեակը եւ այս առիթով կատարած է Հայրապետական մաղթանք: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւնը կը կարդայ թեմի  դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց նոյնանուն մատրան մէջ: Ս. Խորանին սպասարկեցին շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Ս. Պատարագի հիասքանչ երգեցողութիւնը ղեկավարեց դպրապետ Պերճ Քիրազեան:

Առաջնորդ Սրբազանը փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ապա շնորհաւորական խօսքերով նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան ու օծման 28-րդ ամեակը եւ այս առիթով կատարած Հայրապետական մաղթանքէն ետք ուրախութեամբ յայտարարեց, որ շուտով գործել պիտի սկսի Լա  Քրեսենթայի մէջ հայկական նոր եկեղեցին՝ Ս. Հրեշտակապետացը, յոյս յայտնելով, որ Աստուծոյ այս նոր Տունը յատկապէս շրջանի հայութեան կեանքէն ներս բիւր օրհնութեանց նոր դուռ հանդիսանայ: 

Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ներկաները, գնահատեց Հոգաբարձական կազմը եւ բոլոր նուիրեալները, որոնք սատար կը կանգնին Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան: 

Նշուած է նաեւ, որ Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նոյն օրը տեղի ունեցած է Հայրապետական մաղթանք, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան եւ օծման 28-րդ տարեդարձին առիթով: