Երկուշաբթի Լիւքսըմպըրկի մէջ ծրագրուած հանդիպում պիտի կայացնեն Եւրոպական Միութեան 27 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները: Հանդիպման օրակարգի ծիրէն ներս կ'ակնկալուի, որ նախարարները «կանաչ լոյս» տան այն քաղաքացիական առաքելութեան մեկնարկին, որու նպատակն է օգնել լուծելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին առկայ խնդիրները:
Ինչպէս գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այսօր ԱԳ նախարարները պէտք է հաստատեն առաքելութիւնը։
«Հոկտեմբեր 6-ին՝ մէկ շաբաթ առաջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներու եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի հանդիպման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է առաքելութիւն ստեղծելու վերաբերեալ, կը սպասուի, որ երկուշաբթի նախարարները հաստատեն այս առաքելութիւնը», - ըսած է ԵՄ ներկայացուցիչը։
Դիւանագէտի խօսքով՝ առաքելութեան մասին մանրամասներ դեռ չկան։
«Կրնամ միայն ըսել, որ առաջին փուլին պիտի տեղակայուի մօտ 400 դիտորդ»,-ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ առաջին դիտորդները երկու երկիրներու սահման պիտի ուղարկուին Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութենէն։
«Մենք անձնակազմը պիտի վերցնենք Վրաստանի մէջ մեր առաքելութենէն՝ հիմնախնդրի հրատապութեան պատճառով»,- բացատրած է դիւանագէտը։