image

Առաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու մեր քաղաքական կամքը կը մնայ անսասան․ Նիկոլ Փաշինեան

Առաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու մեր քաղաքական կամքը կը մնայ անսասան․ Նիկոլ Փաշինեան

2024 թուականի պետական պիւտճէի քննարկման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարզաբանած է, թէ ինչու չեն ստորագրեր խաղաղութեան պայմանագիրը։

«Մեծ հաշուով պատճառն անվստահութիւնն է կողմերի միջեւ, որովհետեւ ամէն անգամ մենք՝ Ադրբեջանի, երեւի՝ Ադրբեջանը մեր յայտարարութիւնների, որոշ գործողութիւնների մէջ տեսնում ենք պայմանաւորուածութիւններից հրաժարուելու եւ ագրեսիւ գործողութիւններ պլանաւորելու մտադրութիւններ, ինչն էլ բացասաբար է ազդում խաղաղութեան պայմանագրի տեքստային աշխատանքի վրայ»,- յայտարարած կառավարութեան ղելավարը։

Փաշինեանը նաեւ շեշտած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Հայաստանի քաղաքական կամքը կը մնայ անսասան։

«Ի հարկէ, այն արձանագրմամբ, որ ՀՀ-ն չի կարող այդ պայմանագիրը ստորագրել միայնակ եւ սրա համար անհրաժեշտ է նաեւ Ադրբեջանի ստորագրութիւնը»,- նշած է Փաշինեան։

Փաշինեան նաեւ ըսած է. «Մեր արժէքային համակարգի գագաթնակէտը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Մեր  շահերի համակարգի գագաթնակէտը Հայաստանի տնտեսական զարգացումն է, հենց  այս երկու գագաթնակէտերի սպասարկմանն է ուղղուած խաղաղութեան օրակարգը։ Այս առումով  առաջիկայ ամիսներին Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու մեր քաղաքական կամքը մնում է անսասան»։

Վարչապետը նշած է, թէ խաղաղութեան երեք առանցքային սկզբունքներն, ըստ էութեան, համաձայնեցուած են Ատրպէյճանի հետ ու այդ տեղի ունեցած է բանակցութիւններու ընթացքին՝ մայիս 14-ին եւ յուլիս 15-ին՝ Պրիւքսէլի մէջ։