2024 թուականի պետական պիւտճէի քննարկման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պարզաբանած է, թէ ինչու չեն ստորագրեր խաղաղութեան պայմանագիրը։
«Մեծ հաշուով պատճառն անվստահութիւնն է կողմերի միջեւ, որովհետեւ ամէն անգամ մենք՝ Ադրբեջանի, երեւի՝ Ադրբեջանը մեր յայտարարութիւնների, որոշ գործողութիւնների մէջ տեսնում ենք պայմանաւորուածութիւններից հրաժարուելու եւ ագրեսիւ գործողութիւններ պլանաւորելու մտադրութիւններ, ինչն էլ բացասաբար է ազդում խաղաղութեան պայմանագրի տեքստային աշխատանքի վրայ»,- յայտարարած կառավարութեան ղելավարը։
Փաշինեանը նաեւ շեշտած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Հայաստանի քաղաքական կամքը կը մնայ անսասան։
«Ի հարկէ, այն արձանագրմամբ, որ ՀՀ-ն չի կարող այդ պայմանագիրը ստորագրել միայնակ եւ սրա համար անհրաժեշտ է նաեւ Ադրբեջանի ստորագրութիւնը»,- նշած է Փաշինեան։
Փաշինեան նաեւ ըսած է. «Մեր արժէքային համակարգի գագաթնակէտը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Մեր շահերի համակարգի գագաթնակէտը Հայաստանի տնտեսական զարգացումն է, հենց այս երկու գագաթնակէտերի սպասարկմանն է ուղղուած խաղաղութեան օրակարգը։ Այս առումով առաջիկայ ամիսներին Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու մեր քաղաքական կամքը մնում է անսասան»։
Վարչապետը նշած է, թէ խաղաղութեան երեք առանցքային սկզբունքներն, ըստ էութեան, համաձայնեցուած են Ատրպէյճանի հետ ու այդ տեղի ունեցած է բանակցութիւններու ընթացքին՝ մայիս 14-ին եւ յուլիս 15-ին՝ Պրիւքսէլի մէջ։