Գուցէ այս տողերը դարման պիտի դառնան Պետիկի ցաւերուն եւ յոյսով ենք, որ զինք խնամող բժշկական կազմը իր առաւելագոյնը պիտի ընէ Պետիկը բուժելու եւ դարձեալ իր կեանքի թափին մղելու։
«Արեւելք»ի մեծ ընտանիքին անունով ՝ առողջութիւն կը մաղթենք Պետիկին ու լիայոյս ենք, որ ան շուտով կը բոլորէ բուժման այս փուլը։
Օրերս առողջական որոշակի բարդութիւններու հետեւանքով Լիբանանահայ հայրենակից Պետիկ Չիֆթելեան փոխադրուած է հիւանդանոց։
Ան պիտի բոլորէ բուժման փուլ մը ու նաեւ պիտի ենթարկուի կարեւոր քննութիւններու։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Պուրճ Համուտի մէջ իր աչքերը բացած Պետիկ Չիֆթելեան անցած է կեանքի տարբեր փուլերէ եւ անոր համար առանցքային դարձած է հայ բեմին նուիրուելու եւ հայ բեմին ու իր գործընկերներու ծառայելու նուիրական կոչումը։
Կոչում մը, որ ան վաստակացած է «աշակերտելով» Ժորժ Սարգիսեաններու, Վարուժան Խտըշեաններու, Պերճ Ֆազլեաններու եւ այլ մեծերու ... միշտ ուշադրութիւնը պահելով բեմի նուիրեալ մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն։
Առիթը անշուշտ Պետիկին անհանգստութիւնն է, ու այս փուլին աւելի քան վստահ ենք, որ լոյսերէ հեռու ապրած Պետիկ Չիֆթելեանը արժանի է բոլորի ուշադրութեան եւ սիրոյն։
Ի դէպ Պետիկի անունին ծանօթ են բոլոր անոնք, որ ինչ որ կերպով առնչուած են լիբանանահայ մշակութային-թատերական կեանքին։Ան պէյրութեան հայկական թատրոնի վերջին աւելի քան քառասուն տարիներու «աստղ»երէն է։
Յաճախ քուլիսներու ետին, յաճախ առանձինն, յաճախ սրահներու ետեւը եւ քիչ ատեն միայն բեմին վրայ։
Պետիկը բոլորին օգնող, բոլորին հասնող եւ բոլորին օժանդակող...
Բոլորին կողմէ սիրուած ու այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ մեր բոլորին նեցուկին արժանի։
Գուցէ այս տողերը դարման պիտի դառնան Պետիկի ցաւերուն եւ յոյսով ենք, որ զինք խնամող բժշկական կազմը իր առաւելագոյնը պիտի ընէ Պետիկը բուժելու եւ դարձեալ իր կեանքի թափին մղելու։
«Արեւելք»ի ընտանիքին անունով ՝ առողջութիւն կը մաղթենք Պետիկին ու լիայոյս ենք, որ ան շուտով կը բոլորէ բուժման այս փուլը։