image

Անուններու խնդիրը...

Անուններու խնդիրը...

Հայաստանի հասարակութիւնը խուլ չէ, ժողովուրդը կոյր չէ, այո՛, շատ լաւ ընկալած է, թէ այն ինչ որ եկաւ իր գլխուն, կերպով մը նախատեսուած էր։ Այդ բոլորին համար կար իրեն համար անտեսանելի պահուած ճանապարհային քարտէս մը, որուն մէջ գլխաւոր զոհը (գլխաւոր հրամանատարի երանգներով) պիտի հանդիսանար Նիկոլ Փաշինեան ու գուցէ այդ պատճառով է նաեւ, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը չմարսեց այդ ճակատագրապաշտութիւնը, իր վստահութեան քուէն տուաւ Փաշինեանին ու ցայսօր ալ կը շարունակէ այդ ոգիով գործել։

 

Օրերս ուշագրաւ էր Հայաստանի ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն մէկուն յայտարարութիւնը։ Ան կը փորձէր համապարփակ լոյսին բերել մեր այսօրուան իրավիճակը, նաեւ կը յայտնէր, որ էականը ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու կամ ո՛վ ըլլալ-չըլլալը չէ։ Ըստ իրեն, Հայաստանի ժողովուրդին խնդիրը միասնութիւնն է, որ քանի մը վառ առիթներով վերջին առնուազն երեք տարիներուն անցաւ կարեւոր քննութենէ։

Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք մօտաւոր անցեալին Հայաստանի քաղաքական հոլովոյթներուն, ապա անպայման պիտի համոզուինք, թէ Հայաստանի լայն հասարակութիւնը փողոց կ՚իջնէ առնուազն երկու պատճառով։ Կա՛մ կ՚ուզէ իր ցասումը արտայայտել օրուան իշխանութեան դէմ եւ կամ կը հաւատայ, թէ հասած է իրական ժամանակը՝ փոխելու համար օրուան իշխանաւորը կամ երկրին առաջին դէմքը։ Այս փաստարկը միայն դասագրքային կամ այլ քաղաքագիտական ուսմունքի մէջ ամրագրուած չէ, այլ լիարժէք կերպով կը համապատասխանէ այսօրուայ իրականութեան։

2018 թուականին Հայաստանի հասարակութեան լայն շերտերը բառին բուն իմաստով զզուած էին երկրի գաղջ իրավիճակէն, որուն պատասխանատուն երկրի առաջին դէմքը՝ Սերժ Սարգսեանն էր։ Ճիշդ է, որ սփիւռքեան կտրուածքով ու յատկապէս՝ փորձագիտական շրջանակներուն համար Սերժ Սարգսեան յայտնի էր իր բարձր դիւանագիտական մօտեցումներով եւ ընդունուած կերպար մըն էր, սակայն բոլորին համար աւելի քան յայտնի էր, որ Հայաստանի հասարակութեան համար ան ո՛չ միայն սիրելի կերպար մը չէր, այլ աւելին՝ անոր ուսերուն վրայ կը դրուէին երկրի վարչական մարմիններուն մէջ վխտացող կաշառքի հարցերը, բոլոր խնդիրները դրամի ուժով լուծելու մօտեցումները, ամենաթողութիւնը, իշխանական շրջանակներուն մերձ մարդոց ու անոնց քլաններու հանդէպ առկայ ներողամտութիւնը։ Այս բոլորը Հայաստանի հասարակութեան մէջ ստեղծած էր ոխ, ատելութիւն ու ամէն գնով յարմար պահու մը Սերժ Սարգսեանէն ու անոր վարչախումբէն ձերբազատուելու մտադրութիւններ, որոնք կամաց-կամաց կուտակուեցան, աճեցան ու վերածուեցան համընդհանուր բողոքի մեծ ալիքի մը, որ առաւելապէս յայտնի դարձաւ «մերժենք Սերժը» կարգախօսով։ Այդ մեծ շարժումը նաեւ ինչ-որ տեղ նպատակայարմար դրոյթ մը դարձաւ Հայաստանի շուրջ կամ, առհասարակ, Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց ներկայութիւնը փաստել փորձող ուժերուն համար, որոնք մինչ այդ հիմնաւոր պատրաստութիւններ տեսած էին այդ բոլորին համար։ Անշուշտ, այստեղ չեմ ուզեր ակնարկել դաւադրաբանական տեսութիւններու խնդրին, որովհետեւ եթէ այդ յորձանուտին մէջ մտնենք, ապա անկարելի պիտի ըլլայ տրամաբանական հիւսքով մը աւարտին տանիլ խորհրդածութիւնները։

Խնդիրը այդ դաւադրաբանական տեսութիւնները չեն, խնդիրը անունի հարցն է, որովհետեւ այն հազարաւոր հայաստանցիները, որոնք տարիներ առաջ ճիշդ այս օրերուն փողոց իջան, նախ եւ առաջ պահանջեցին մէկ բան. Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը, անոր հեռացումը, անոր իշխանական խմբակի քաղաքական հարթակներէն հեռանալը։ Եւ այդ մէկը ըրին՝ զարմանքի մատնելով նոյնինքն Սերժ Սարգսեանն ու անոր համախոհները, որոնք երկար ժամանակի մը համար ստիպուեցան լռել ու մարսել ստեղծուած նոր դրութիւնը։ Այս բոլորը հաշուի պէտք է առնել՝ պարզապէս հասնելու համար մեր այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին։

Այսօր, այն, ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, հիմնականին մէջ ունի մէկ պատասխան եւ մէկ հասցէատէր։ Պատասխանը, անշուշտ, կը խօսի այն տխուր վիճակին մասին, որմէ կ՚անցնի երկիրը, իսկ հասցէատէրը Հայաստանի քաղաքական դաշտը լեցուցած այն ուժերն են, որոնք կոչուած են յառաջ մղել քաղաքական կեանքը։ Յաճախ կը խօսուի իշխանութիւններու սխալներուն մասին, նաեւ կ՚ակնարկուի, որ Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, շատ ժամանակ առաջ ու յատկապէս 2020 թուականի խայտառակ պարտութենէն ետք պարտաւոր էին հրաժարական տալ ու հեռանալ քաղաքական կեանքէն։

Այդ մէկը տեղի չունեցաւ ու ստեղծուած անել վիճակին լուծում մը տալու մտօք Փաշինեան առաջարկեց երթալ կանխահաս ընտրութիւններու, այդ ձեւով ալ իր իշխանութիւններուն տալով նոր որակի օրինականութիւն մը, որ կարելի է կոչել՝ «պարտուած իշխանութեան արդարացում»։

Անշուշտ, այդ բոլոր փուլերը ապրուեցան օր առ օր եւ նկատուեցաւ, որ Հայաստանի ժողովուրդին կարեւոր տոկոսը՝ մանաւանդ այն հատուածը, որ ունի փողոց իջնելու, կացութիւն ստեղծելու եւ կամ իշխանութիւն մը տուն ղրկելու բաւարար ներուժ, կողմնակից էր Փաշինեանին ու կողմնակից ալ մնաց, երբ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտի ներկայացուցիչները փորձեցին աղէտալի պատերազմի ամբողջ հետեւանքները որոշակիօրէն թափել նոյն Փաշինեանի գլխուն։

Այդ փուլն ալ անցաւ ու մտանք բանակցութիւններու, Ալիեւի կողմէ մեծխօսիկութեան եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վրայ աչք ունենալու, սադրանքներ նիւթելու, Զանգեզուրի հայկականութիւնը հարցականի տակ դնելու վտանգաւոր փուլին, որ կը շարունակուի ցայսօր։ Ու տխուր է, անշուշտ, որ այս բոլորով հանդերձ, ընդդիմութիւնը կը շարունակէ իր հին յանկերգը՝ հակառակ ընտրութիւններու իրական արդիւնքին։ Ընդդիմութիւնը կ՚ուզէ հանրութիւնը հաւատացնել, թէ վաղը չէ միւս օրը իշխանափոխութիւն պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ. բան մը, որ քիչ մը վերլուծելու կարողութեան տէր մարդոց համար առնուազն կեղծ է ու պարզապէս կը ծառայէ այսօր առկայ հոգեբանական պարապը լեցնելու։

Վերադառնալով ընդհանուր դերաբաշխումին, նաեւ դիտարկելով այսօր Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրականութիւնը՝ հարկ է հասկնալ, որ հանրութիւնը կը շարունակէ նոյն ոճով շարժիլ՝ ինչպէս 2018 թուականը։ Անոր թիրախները նոյնն են։ Թէեւ այսօրուան իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան տոկոսները բաւական նուազած են, բայց եւ այնպէս, ժողովուրդին համար ընդունելի գլխաւոր դէմքը կը շարունակէ մնալ՝ պատերազմի մէջ պարտուած Նիկոլ Փաշինեանը։ Այլ խօսք, որ այդ պարտութեան մէջ կան նաեւ ուրիշներ, որոնք նոյն կամ նուազ չափով պատասխանատուութիւն կը կրեն։ Բայց եւ այնպէս, Փաշինեան կը շարունակէ մնալ լաւագոյն ընտրանքը մանաւանդ՝ արտաքին խաղացողներուն համար։

Հայաստանի հասարակութիւնը խուլ չէ, ժողովուրդը կոյր չէ, այո՛, շատ լաւ ընկալած է, թէ այն ինչ որ եկաւ իր գլխուն, կերպով մը նախատեսուած էր։ Այդ բոլորին համար կար իրեն համար անտեսանելի պահուած ճանապարհային քարտէս մը, որուն մէջ գլխաւոր զոհը (գլխաւոր հրամանատարի երանգներով) պիտի հանդիսանար Նիկոլ Փաշինեան ու գուցէ այդ պատճառով է նաեւ, որ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը չմարսեց այդ ճակատագրապաշտութիւնը, իր վստահութեան քուէն տուաւ Փաշինեանին ու ցայսօր ալ կը շարունակէ այդ ոգիով գործել։

Այս բոլորը, մեր սրտովը ըլլան կամ ոչ, անկարելի է անտեսել եւ անկարելի է գործել ժողովուրդին ու անոր ընտրանքներուն դէմ գրելով, խօսելով կամ գործելով։

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...