image
Հրատապ լուրեր:

«Կուկըլ» հեռացուցած է Սիւնիքի շրջանի տեղանուններու ատրպէյճանեան կեղծ անուանումները

«Կուկըլ»  հեռացուցած է Սիւնիքի շրջանի տեղանուններու ատրպէյճանեան կեղծ անուանումները

«Google» ընկերութեան հետ աշխատանքի շնորհիւ «Թաթոյեան» հիմնադրամի եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան տարածաշրջանի համատեղ ուժերով կարելի եղած է «Google Maps» եւ «Google Earth» յաւելուածներէն հեռացնել ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքներու տեղանուններու կեղծ` ատրպէյճաներէն տարբերակները։

Այս մասին յայտնած են «Թաթոյեան» հիմնադրամէն:

Ինչպէս նշուած էր սեպտեմբեր 29-ի յայտարարութեամբ, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը Սիսիան քաղաքի բնակիչներէն մէկուն ահազանգի հիման վրայ պարզած էր, որ «Google Maps» եւ «Google Earth» յաւելուածներուն մէջ անուանափոխուած եւ կեղծ կամ գոյութիւն չունեցող ատրպէյճանական անուններով նշուած են ՀՀ Սիւնիքի մարզի դպրոցներ, այգիներ, հրապարակներ եւ այլն: Օրինակ` «Որոտան» գետը նշուած է ատրպէյճանական անուանումով՝ «Bazarçay» կամ Սիսիանի զբօսայգին անուանակոչուած է Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի անունով կամ Աթաթուրքի անունով, կամ Սիւնիքի մարզպետարանի տեղանքը նշուած է միայն ատրպէյճաներէնով՝ «Zəngəzur Vilayəti Administrasiyası» եւ այլն: Անգամ փորձ եղած է փոխել Սիսիան քաղաքի անունը` Qarakilise։

Նմանատիպ մօտեցմամբ ատրպէյճաներէնով նշուած էին նաեւ տեղանուններ Մեղրիի, Կապանի մէջ։

Ակնյայտ էր, որ սա ատրպէյճանական իշխանութիւններու՝ Սիւնիքը ատրպէյճանական ըլլալու վերաբերեալ բացարձակ կեղծ թեզը ներկայացնելու եղանակ էր։ Աւելին, այդպիսով փորձ կ'ըլլար օրինականացնելու ատրպէյճանական յանցաւոր ներխուժումները եւ յարձակումները ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ։

Հեռացուած են նաեւ ատրպէյճաներէնով նշուած կեղծ այլ տեղանուններ:

«Հարկ ենք համարում յատուկ կարեւորել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի արեւմտեան տարածաշրջանի արագ արձագանգը, «Google» ընկերութեանը հետ կապ հաստատելը եւ աշխատանքի հետեւողականութիւնը։

Մանրամասները ներկայացուած են կից հրապարակուող լուսանկարներում, որտեղ համեմատւում են նախկին կեղծ ատրպէյճանական տեղանուններով տարբերակները ներկայիս՝ վերացուած տարբերակների հետ».- գրուած է հրապարակուած նկարներուն կից գրառման մէջ։