Հոլանտայի Հաագա քաղաքին մէջ համաժողով տեղի ունեցած է, որու շրջածիրէն ներս քննարկուած են Ատրպէյճան-Հայաստան, Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան-Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները։ Այս մասին կը տեղեկանանք Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւի թուիթըրեան գրառումէն։
«Հետաքրքիր համաժողով Հաագայի մէջ՝ նուիրուած Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղութեանն ու Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան-Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն: Պատիւ ունեցայ հայ գործընկերներուն բացատրել տարածաշրջանային նոր իրականութեան հիմնական յարաչափերը։ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները պիտի ապահովուին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիներու հետ հաւասար պայմաններով։ Հաւասարութիւն Ատրպէյճանի օրէնքով՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս»,- գրած է ատրպէյճանցի դեսպանը։
Նկարին մէջ կ'երեւի, որ համաժողովին մասնակցած է նաեւ Եւորպական Միութեան յատուկ բանագնաց Թոյվօ Քլաարը։