image

Անթիլիասի Հայցը Կապուած Սիսի Կաթողիկոսական Կալուածին Օրինական Ընթացքի Մէջ է

Անթիլիասի  Հայցը Կապուած  Սիսի Կաթողիկոսական Կալուածին   Օրինական  Ընթացքի Մէջ    է

   Լիբանան- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսարանի  կողմէ     թրքական իշխանութիւններուն  ներկայացուած դատական հայցը կապուած Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձին    յառաջիկայ ամիսներուն  պատասխանի պիտի արժանանայ: Այս մասին  գրած է   News.Am-ը, որուն   փոխանցումով թրքական  դատական մարմինները յաւելեալ փաստաթուղթեր պահանջած են դատական   հայցին վերաբերեալ: Նշենք, որ    գրեթէ  շաբաթ մը առաջ Անթիլիասը ներկայացնող միաբանական պատուիրակութիւն մը  մեկնած էր      Սիս, ուր միաբանները հոգեհանգստեան պաշտօն կատարած էին Կիլիկեան  աթոռի գահակալ հայրապետներու   եւ միաբանութեան  նահատակներուն յիշատակին:  Այս առթիւ նաեւ    Մեծի Տանն Կիլիկոյ  գահակալ Արամ Ա. Վեհափառ  հայրապետը յատուկ կոնդակ  մը հրապարակած էր: