image

Փաշինեան հրահանգած է «գոյքագրել» ԱԳՆ-էն ներս գտնուող Արցախի կապուած թղթածրարները

Փաշինեան հրահանգած է  «գոյքագրել» ԱԳՆ-էն ներս գտնուող Արցախի կապուած թղթածրարները

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արտաքին գործոց նախարարին յանձնարարած է գոյքագրել Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ առկայ բանակցային թուղթերը, եւ փաթեթի հնարաւոր հրապարակումը Հայաստանի պետական անվտանգութեան շահերու դիտանկիւնէ քննարկելէ եւ գնահատելէ ետք որոշում պիտի կայացուի այն հրապարակել/չհրապարակելու մասին:

Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը։

«Ազատութիւն»ը անցած տարեվերջին Նիկոլ Փաշինեանին հարցուցած էր՝ պատրա՞ստ է հրապարակել մինչեւ իր պաշտօնավորումը եւ նաեւ իր պաշտօնավարման ընթացքին ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման վերաբերող պաշտօնական փաստաթուղթերը, որ հանրութիւնը առանց քաղաքական շահարկումներու, յստակ փաստերու հետ ծանօթանալով ինքը հետեւութիւններ ընէ։

Այդպիսի կոչով հանդէս եկած էին հանրային տարբեր գործիչներ։ Նախորդ տարեվերջին Նիկոլ Փաշինեանին նման կոչով դիմած էր նաեւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը՝ բանավիճելու փոխարէն անոր առաջարկելով հրապարակել ղարաբաղեան բանակցութիւններուն վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը։